Գերմանական «Գերմանիա» (Germania) օդանաւային ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ա-ռընթեր քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան դիմում ներկայացուցած է՝ Պերլին-Երեւան-Պերլին երթուղիով կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքններու գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ուղիղ օդային կապ հաստատելու շուրջ քննարկումները սկսած էին 2016ի ամրան, երբ Գլխաւոր վարչութեան պետ Սերգէյ Աւետիսեան հանդիպած էր «Գերմանիա» օդանաւային ընկերութեան եկամուտներու կառավարման եւ երթուղիներու ցանցի զարգացման տնօրէն Քլաուս Ալետենպուրկի եւ ընկերութեան վաճառքը կառավարող Ֆլորիան Ստահլի հետ:
Պերլին-Երեւան-Պերլին երթուղիով թռիչքներու մեկնարկը կը տրուի 16 Յունիսին: Թռիչքները կ՛իրականացուին շաբաթը անգամ մը: