ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ ամեակին առիթով Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անգամ մը եւս տեղի տուած է Անգարայի ճնշումներուն դիմաց՝ մերժելով «ցեղասպանութիւն» եզրը գործածել։
Թուրքիոյ շահերը Միացեալ Նահանգներու շահերէն առաջ դասող սոյն քայլը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Թրամփ այս գծով Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան տնօրինումը յանձնած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին, որ առիթ չի փախցներ Ուաշինկթընը «ահաբեկիչ»ներու հետ բաղդատելու։
Իր գրաւոր յայտարարութեան մէջ, Թրամփ բաւարարուած է 1915 թուականի ջարդերը եւ տեղահանութիւնը «Մեծ Եղեռն» կոչելով՝ հետեւելով նախորդ նախագահ Պարաք Օպամայի օրինակին, հակառակ այն իրողութեան, որ Թրամփ ամէն առիթով կը քննադատէ Օպամայի միւս քայլերը։
Ապրիլ 24, 2018 թուակիր յայտարարութեան մէջ Թրամփ կը նշէ.
«Այսօր մենք կը յիշատակենք Մեծ Եղեռնը՝ 20րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկը, երբ 1.5 միլիոն հայեր տեղահան եղան, կոտորուեցան կամ դատապարտուեցան մահուան երթի՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն։ Մենք կը յիշատակենք 1915ի իրադարձութիւնները եւ կը սգանք զոհերուն ու տառապեալներուն համար։ Մենք նաեւ այս պահը կ՛օգտագործենք ճանչնալու քաջութիւնը այն անհատներուն, որոնք ուզեցին վերջ տալ բռնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան վերապրածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ համայնքները վերակառուցելու մէջ, այդ կարգին նաեւ՝ Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուը, որ ուզած էր վերջ տալ բռնութեան, իսկ աւելի ուշ՝ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին միջոցաւ հաւաքած էր գումարներ, որպէսզի օգնէ հայ ժողովուրդին։ Խորունկ յարգանքով կ՛արձանագրենք դիմացկուն կեցուածքը հայ ժողովուրդին, որուն բազմաթիւ ներկայացուցիչները նոր կեանք կերտեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անհաշիւ ներդրումներ ունեցան մեր երկրին մէջ։
Քանի որ մենք կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնք տառապեր են, մենք նաեւ կը վերադառնանք մեր յանձնարարութեան՝ երաշխաւորելու, թէ նման կոտորածներ չկրկնուին։ Մենք կ՛ընդգծենք ցաւոտ տարրերով անցեալի ճանաչումը եւ անոր հետ հաշուի նստելու կարեւորութիւնը՝ իբրեւ անհրաժեշտ քայլ աւելի հանդուրժողական ապագայ մը կառուցելու ճանապարհին վրայ։ Այս հանդիսաւոր օրը մենք կանգնած ենք ամբողջ աշխարհի հայ ժողովուրդին կողքին՝ ի նշան յարգանքի եւ ի յիշատակ անոնց, որոնք զոհուեցան եւ որոնց յիշատակով հիմա պարտաւոր ենք աշխատիլ միասին ու կառուցել աւելի լաւ ապագայ»։
Թրամփ անցեալ տարի եւս այս առիթով գործածած էր «Մեծ Եղեռն» բառերը։
Յիշեցնենք, որ 102 քոնկրեսականներ անցեալ շաբաթ կոչ ըրած էին Թրամփին, որ յստակօրէն ճանչնայ եւ դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն նախագահը որոշած է անտեսել անոնց կոչը։