ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Շարականի այս հոգեզմայլ բառերը, իրենց մէջ կը բովանդակեն հզօր կանչ մը, բարձրաղաղակ ձայն մը մեզմէ՝ նահատակ ազգի զաւակներէս, ուղղուած մեր ազգի նահատակ Սուրբերուն, որոնք իրենց արեամբ արժանացան փառքի Պսակին ու սրբութեան կոչումին:
Աւելի քան դար մը անցած է այն արհաւիրքէն, որուն կենդանի վկաներն ու մնացորդներն ենք աշխարհով տարածուած, սակայն միացած ենք կամքով, ոգիով, երազով ու ապագայատեսիլ պայքարով:
Սրբոց տօնին նուիրուած շարականը, կը պանծացնէ ու կը յաւերժացնէ սուրբերը, որոնց կարգին անցան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները, միանալով այն սուրբերու փաղանգին, որոնք երանելի Տիրոջ երանելիները դարձան, մեզ եւս հրաւիրելով երանական փառքին միանալու:
Ցեղասպանութեան նահատակները շարունակեցին ներկել հայոց պատմութեան արդէն իսկ կարմիր էջերը, որոնք դարձան գոյնը մեր պայքարին ու պահանջատիրութեան: Արեան գոյնը միայն նահատակութեան գոյն չմնաց, այլ զարդարեց ու պսակեց հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը եւ վերածեց մեր ցեղը արի ու քաջ ցեղի, կեանքով լեցուն, որուն համար հաւատքն ու հայրենիքը մեծագոյն պատիւը դարձան ու կը մնան ցայսօր:
Սրբութիւնը պարծանք է: Պարծանքը ոչ միայն նահատակներուն, այլ նաեւ վերապրողներուն, պարծանք Աստուծոյ մօտ ու նաեւ մարդոց: Այսօր մենք կը պարծենանք մեր սուրբերով, ինչպէս Քրիստոնէական պատմութեան մէջ ազգեր ու ժողովուրդներ ունին իրենց սուրբերը, որոնք կենդանի վկաներն ու պարծանքն են իրենց հաւատքին: Կը պարծենանք մեր սուրբերով, որովհետեւ հա՛յօրէն ապրեցան ու հա՛յօրէն շահեցան այն, ինչը մեծագոյն ու մնայուն շահն է՝ Յաւիտենական կեանքի ձեռքբերումը:
Սրբութիւնը պատիւ է: Պատիւը ամէնէն կարեւոր ու թանկարժէք ունեցուածքն է մարդ անհատին: Պատիւը երբ կորսուի, այլեւս անիմաստ կը դառնայ մարդուն գոյութիւնը: Մեծագոյն պատիւն է սրբութիւնը, որուն արժանացան մեր նահատակ ազգի զաւակները, որոնք պաշտպանելով իրենց անձերուն, ընտանիքներուն ու ազգին պատիւը, յանձն առին «սրոյ մահուամբ կատարիլ…» (սուրի մահով իրենց կեանքը աւարտել): Անոնք պատուըուեցան Աստուծոյ կողմէ, որովհետեւ Քրիստոնէութեան պատիւը պաշտպանեցին ընդդէմ անհաւատներուն:
Սրբութիւնը արժանիք է: Պատիւը կը տրուի արժանաւորներուն: Արժանաւորութիւնը կը սահմանուի հաւատարմութեամբ ու վկայութեամբ: Մեր նահատակները վկայեցին այս մասին, իրենց անհատական արժանիքները փոխարինելով անփոխարինելի արժէքներով, իրենց ամէնէն իսկ թանկագինը նուիրաբերելով: Արժանաւոր ազգի զաւակները գիտակից էին այն արժէքին, որ կը կոչուի քրիստոնէութիւն եւ հայութիւն:
Սրբութիւնը յորդոր է: Անոնք նահատակուեցան ու սրբութեան կոչումին արժանացան ոչ միայն իրենց համար, այլ նաեւ անոնց սրբութիւնը մնայուն յորդոր մըն է իւրաքանչիւր հայորդիի, գիտակցութեամբ ապրելու անցաւոր այս կեանքը, միշտ ձգտելու մնայունին ու նոյնիսկ ի գին կեանքի զոհաբերման հասնելու փառքին ու անոր պսակին: Իրենց յորդորը կը յուշէ իւրաքանչիւր հայորդիի զինուելու հաւատքով, ունենալու յոյս, ինչպէս անոնք նահատակուեցան յոյս ունենալով մեր այսօրուան…:
Սրբութիւնը գերագոյն օրինակ է: Սուրբերու ամենամեծ կտակը իրենց բարի ու անանցանելի օրինակն է: Սուրբերը իրենց կեանքով ու վկայութեամբ գերագոյն օրինակն են հաւատքով ապրուած կեանքի ու սիրով տոգորուած արժէքներու հանդէպ, որոնց համար կեանքը տալ իսկ արժան է: Օրինակը մեր ագի նահատակ սուրբերն են, որոնք Քրիստոսի մէջ իսկական կեանքը տեսնելով ու համոզուած Առաքեալի հաստատումին, թէ. «Որովհետեւ ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ՝ այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ» (Փլպ 1.21):
Այսօր մենք եւս բարձրաձայն կը գոչենք աշխարհի բոլոր ազգերուն, որպէսզի միանան մարդկային արդարութեան կանչին, իրենց սիրտերուն մէջ գտնելով այն գանձը, որ կը կոչուի արդարութիւն: Մեր սուրբերը կը յորդորեն այսօր իւրաքանչիւրիս տէր կանգնելու մեր հայ պատիւին, որուն երկու թեւերն են մեր հաւատքի տոկունութիւնը եւ ազգային գիտակացութիւնը:
Այսօրուան հայուն պարտքն ու պարտականութիւնն է առանց իսկ դոյզն երկմտանքի պաշտպանել հայ ազգի պատիւը՝ հայրենիքին մէջ թէ հայրենիքէն դուրս:
Ա՛յս է մեր նահատակ Սուրբերուն կոչը:
Ա՛յս է մեր կոչումն ու առաքելութիւնը:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
MASHDOTS COLLEGE
ՄԱՇՏՈՑ ՔՈԼԵՃ
Ի Յիշատակ մեր ծնողներուն՝
Արամ եւ Տիրուհի Աւետեաններուն
Հրայր եւ Սոնա Աւետեաններ
Zaven & Halina Berberian & Family