ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ
…Եւ այսպէս, եկաւ Ապրիլ 24ը: Ակամայ միտքս գնաց անցեալ տարուան ապրիլեան առաջին չորս օրերուն, Արցախեան պատերազմի օրերուն եւ կարծէք 100 անմեղ (շատ աւելի անշուշտ) հերոսացած հայ զինուորներուն, եւ, անշուշտ՝ 800 հեկտար հողի կորուստին:
Պիտի չթաքցնեմ՝ վախի զգացում կայ սիրտիս մէջ, չըլլա՛յ որ նման բան մըն ալ պատահի այս տարի…։ Ամէն պարագայի, մեր առջեւ ունինք մեր ազգին համար երեք կարեւոր՝ պետական եւ համազգային տարողութեան իրադարձութիւններ: Առաջինը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 103ամեայ սգատօնի նշումն է, երկրորդը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակը եւ երրորդը՝ Արցախի Հանրապետութեան 30ամեակը:
Սակայն, սկիզբը մենք պիտի քալենք, քալենք՝ Ուիլշիր պողոտայէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան: Փորձառութիւնս կը թելադրէ, թէ այս տարի աւելի նուազ հայորդիներ պիտի քալեն քան՝ անցեալ, կամ ալ՝ անկէ առաջուան տարին: Պիտի պոռանք, կանչենք, տարբեր բովանդակութեամբ պաստառներու շուքին տակ ալ Եռագոյնը պիտի թափահարենք: Կը մտածեմ՝ որո՞ւն հոգը. օտարները անհաղորդ այդ տեսարանին՝ առանց հարց-հարցումի իրենց ճամբան պիտի քալեն: Մենք, այդ տեսարանի տէրերն ենք, հայերս. ըլլա՛յ լիբանանահայ, պարսկահայ, հայաստանցի… հա՜յ, հա՜յ, հա՜յ, ի՞նչ գիտնամ՝ ամէն տեսակ հայ,- կը ներէք, սխալեցայ, հայուն տեսակը ո՞րն է, ի՞նչ ըսել է: Հայը՝ հայ է, ուր որ ալ ըլլայ: Ըսել է թէ այն ամէնը, ինչը կը վերաբերի մեր հայրենիքի այսօրուան, վաղուան եւ ապագայ ճակատագիրին՝ անպայմանօրէն մեզ՝ բոլորիս կը վերաբերի:
Մենք՝ հայաստանահայերս, հիմնականին մէջ, մանաւանդ վերջին 2-3 սերունդները, մեր սփիւռքահայ «ախպարիկներու» շնորհիւ հասկցանք, ըմբռնեցինք, թէ ինչ ըսել է Եղեռն (ժամանակին եղեւնի ըսողներ ալ կային Հայաստանի մէջ…), պահանջատիրութիւն, ինչ ըսել է հողերու, ինչքի, հարստութեան, մշակոյթի կորուստ: Հասկնալէ ետք է, որ մարդոց քով ընդվզումի ալիքը եռալու սկսաւ անոնց երակներուն ու հոգիներուն մէջ: Եւ արդարութիւն փնտռելու յոյսով, ճարահատ, երկրագունդով մէկ քայլարշաւի ելաւ հայը, գիտակցելով հանդերձ, որ վերջնական նպատակին հասնելու նուազ արդիւնաւէտ ճամբաներէն մին է քայլարշաւը:
Սակայն այս չի նաշանակեր, թէ ա՛լ պիտի չքալենք: Պիտի քալենք հոգիի հանգստութեան համար եւ որպէս մխիթարութիւն: Եւ պիտի քալենք այնքան ատեն, մինչեւ որ օտարներ միանան մեր արդարութեան արշաւին:
Բարեկամներս, դուք երբեք տեսա՞ծ էք որեւէ մէկ օտարի, որ հետեւի մեր քայլքին: Ես 1965էն ի վեր կը քալեմ Ապրիլ 24ին օրը, բայց ոչ մէկ անգամ չեմ տեսած, որ օտար մը մասնակից ըլլայ մեր քայլարշաւին: Հոս՝ եզրակացութիւն. այնքան ատեն, որ օտարներ չեն մասնակցիր մեր սրբազան ուխտին, եւ չեն կիսեր մեր ցաւը, մեր պահանջատիրութեան իրաւացի ըլլալը, հազիւ թէ կարենանք մեր նպատակին հասնիլ:
Այս օրերուն, իսկապէ՜ս այպանելի արարք մը գործեց այս երկրին նախագահը՝ երկար տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով այս տարուան համար Հայաստանին նիւթական օգնութենէն զրկելով: Ամէն մարդ գիտէ իրական պատճառը, որ լրջագոյնս, հրատապօրէն պէտք է քննութեան ենթարկուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Ի՞նչ ըսել է՝ օգնել մեր թշնամի դրացիներուն եւ մեզ անտեսել: Չափազանց ցայտուն արգահատանքի վառ դրսեւորում մըն է նախագահ Թրամփի այս որոշումը, այդ ալ՝ հայ ժողուվուրդին համար պատմական նշանակութիւն ունեցող այս օրերուն:
Օտար երկրի մը մէջ կ՛ապրինք, ճիշդ է, ուր ազատութիւն կայ, կ՛ըսես, կը խօսիս, կը քննադատես, նախագահիդ անգամ կրնաս այպանել: Ոչ ոք իրաւունք ունի քեզ մեղադրելու ազատօրէն արտայայտուելուդ համար: Ինչո՞ւ կեցեր ենք, որո՞ւն կը սպասենք մեր բողոքի ձայնը լսելի դարձնելու համար:
Ո՞ր մեղքին համար է, որ Հայաստանի ժողովուրդը 30 տարի շարունակ անլուր զրկանքներու կ՛ենթարկուի: Ո՞ւր են, ի՞նչ կ՛ընեն Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տղաքը: Ինչո՞ւ չեն ընդվզիր նախագահ Թրամփի այս անմարդկային, անհոգի որոշման դէմ: Թէեւ, չենք ալ գիտեր, թէ տարիներ շարունակ Հայաստանին՝ օգնութեան համար ղրկուած դրամները ինչ նպատակներու ծառայած են մինչեւ օրս: Երբեք հաշուետուութիւն չէ տրուած ժողովուրդին: Չէ՞ որ հայրենի ղեկավարները ժողովուրդի «ընտրեալներն» են, ուստի, պէտք չէ՞, որ ան տեղեակ ըլլայ երկրին նուիրուած ամէն մէկ սենթին ինչ նպատակի համար ծախսած ըլլալուն մասին:
Այսպիսի անորոշութեան մէջ խարխափելո՞վ կ՛ուզենք պահել մեր երկիրը,- չըլլա՜ր, չի կրնար ըլլալ: Ձախաւեր գործողութիւնները Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ մեր երկիրը աւելի կը մօտեցնէ անդունդի եզրին, որ պզտլիկ քամիէ մը կրնայ գահավիժիլ անդունդը:
Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս չենք կրնար մէկու մը ճշմարիտ, ճշմարտօրէն ըսուած խօսքը կամ արտայայտութիւնը, նոյնիսկ արդարամտօրէն գործած արարքը արդարութեամբ քննել: Ո՞ր մեղքին (հնարովի) համար Ժիրայր Սէֆիլեան եւ «Սասնայ Ծռեր» խմբակի տղաքը երկար ժամանակով բանտ նետուեցան: Ինչպէ՞ս չեն անդրադառնար մեր հայրենի իշխանութիւնները, որ նման «արդարամիտ» դատավարութեամբ եւ նման անմարդկային գործելակերպով ալ աւելի իրենցմէ կը հեռացնեն արդէն հեռացած, դատապարտելի հանդուրժողականութեան ճիրաններուն մէջ տապլտկող հայ մարդը, արդէն անորոշութենէն յուսահատ ժողովուրդին:
Իրաւ որ թուլցած է, անկառավարելի դարձած հայրենի իշխանութիւնը, եւ գրեթէ զրկուած՝ սթափ ուղեղով իրադրութիւնը ճշդիւ գնահատելու կարողութենէն:
Չեմ ծամծմեր բառերը: Կ՛ըսեմ այն, ինչը ենթադրել կու տայ: Այն է,- այս ընթացքով եթէ շարունակենք շարժիլ հայրենիքի մէջ, ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հետ, ի՞նչ փաստի առջեւ կրնայ կենալ հայ մարդը: Ըստ իս՝ երկուքն ալ դատապարտուած կ՛ըլլան կորստեան (բարեկամս կ՛ըսէր՝ լեզուդ չորնայ): Առաջինը՝ որպէս հող, տարածք՝ մշտապէս ասպատակութեան զոհ ըլլալու ենթակայ, երկրորդը՝ որպէս հաւաքականութիւն:
Այս երկուքէն ամէնէն սոսկալին Հայաստանի կորուստն է, որովհետեւ անկէ դուրս, այսպէս թէ այնպէս, հայը կը կորսնցնէ իր գոյութիւնը:
Հարցուցէք 20-30 տարիներ առաջ Հայաստանէն արտագաղթած որեւէ մէկ հայու, որ հոս ունի տուն-տեղ, աշխատանք, ապահով նիւթական, թէ ո՞ր մէկուն կորուստը աւելի սոսկալի է,- վստահաբար, ան հայրենիքին անունը պիտի տայ: Որովհետեւ, ինք լաւ գիտէ, որ մենք նման ենք գործարանի մը երկնաքեր ծխնելոյզին, որմէ գիշեր ու զոր բարալիկ ծուխ կ՛ելլէ: Այդ նոյն՝ չերեւացող ծուխը անոր հոգիին մէջն է եւ մշտապէս պիտի մխայ քանի դեռ օտարութեան մէջ կ՛ապրի:
Ռուս յեղափոխական գործիչ Չերնիշեւսկին ըսած է. «Հայրենիքը ամէնէն առաջ ժողովուրդն է…»,- ճիշդ է փիլիսոփան՝ իր եկրին պէս խոշոր եւ բազմամիլիոն ժողովուրդ ունեցող երկիրներու համար: Ռուսիոյ համար ի՞նչ կայ որ, մէկ-երկու եւ աւելի միլիոն ալ պակսի ռուսական հսկայ կայսրութենէն՝ արտասովոր բան մը չի պատահիր անոր հետ: Բայց մերը՝ մերը ուրիշ է, մենք ուրիշ ենք, ափի մը չափ հող ունինք, նոյնքան ալ ժողովուրդ, որ երթալով կը պակսի, որուն արդիւնքով կարճ ժամանակէ մը ետք բաց ձեռքի մը պիտի վերածուի, որպէս բողոքի նշան համայն մարդկութեան՝ ըսել ուզելով, թէ «առէ՜ք, կերէ՜ք, այս է մարմինն իմ…»:
Հապա ի՞նչ ըսել հերոս Արցախի մասին, ուր 30 տարի շարունակ, իբրեւ թէ խաղաղ զինադադարի պայմաններու տակ, գրեթէ ամէն օր անբեղ, անմորուք 19-20 տարեկան Հայաստանի եւ Արցախի տղաք կորսնցուցած ենք: Հաշուեցէք խնդրեմ: Ես հաշուեցի, 1988էն սկսեալ մինչեւ օրս՝ շուրջ 20 հազարի կը հասնի թիւը պատերազմական տարիներու եւ «խաղաղ» պայմաններու տակ զոհուածներուն:
Չնայած մեր հայրենիքի եւ Արցախի համար այս օրհասաբեր օրերուն, մենք փառաւորապէս պիտի նշենք Արցախի Հանրապետութեան 30ամեակը, որովհետեւ Արցախը մերն է, հայունը, մեզմէ իւրաքանչիւրը Արցախ է, արցախցի: Մենք ենք նաեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան յետնորդները եւ բոլորիս ցաւն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն 103ամեայ տարելիցը պիտի նշենք 50 տարի սրբացած Երեւանի Ծիծեռնակաբերդ բարձունքին վրայ դէպի երկինք, դէպի անմահութիւն խորհրդանշող կոթողին առջեւ, հոգ չէ թէ մեր «աւագ եղբայր» ռուսը այս օրերուն, ով գիտէ, ի՞նչ նպատակի համար, ռազմական ոստիկանութեան լաւագոյնս մարզուած զօրախումբ իջեցուցած է Հայաստանի մէջ:
Ինչպէս միշտ՝ Սփիւռքը լաւագոյն ձեւով մասնակից պիտի դառնայ այդ միջոցառումներուն:
Սովետական օրերուն մենք Սփիւռքը կորսուած կը սեպէինք, այսօր անոր տարողութիւնը մեր երեւակայութեան մէջ նոյնը չէ: Եւրոպայի մէջ շատոնց կորսուած եւ մոռցուած համայնքները վերջին 20-30 տարիներուն ընթացքին կրկին յարութիւն առին, կենդանացան, աշխուժացան, հիմնականին մէջ Հայաստանէն արտագաղթածներու հաշուոյն: Այսօր երկու միլիոնէն աւելի հայեր կ՛ապրին Ռուսիոյ լայնածաւալ տարածքին:
Այս կը նշանակէ, թէ մեծ ուժ է Սփիւռքը եւ անհրաժեշտ է, որ հայրենի իշխանութիւնները հաշուի առնեն զայն եւ սեղանի շուրջ մէկտեղուելով՝ ճշգրիտ լուծումներ գտնեն հայրենիքի համար այս օրհասական օրերէն դուրս ելլելու համար:
Կասկածէ վեր է, որ ամէն մէկ կարեւոր, ճակատագրական հարցի լուծումը դրամի կը կարօտի: Սփիւռքը ունի այդ դրամը, հայրենիքի սիրոյն ամէն մէկ զոհողութեան պատրաստ է:
Հայ իրականութեան մէջ, դրամ ունեցող, շատ դրամ «ծախսող» հաստատութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն է, որը, դժբախտաբար երես թեքած է Սփիւռքէն, ուշադրութիւնը բեւեռելով Հայաստանի վրայ, առանց անդրադառնալու, որ այսօրուան պայմաններու սիրոյն, անիկա պարտաւոր է վերանայիլ Սփիւռքին վերաբերող, նախապէս ըրած որոշումները:
Ի՞նչ ըսել է Մելգոնեան եւ այլ դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ գոցել Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, մինչ՝ Եւրոպայի, Ռուսիոյ մէջ հայկական դպրոցներ կը բացուին, եկեղեցիներ կը շինուին, մշակութային կեդրոններ կը բացուին, սիրողական բազմաթիւ պարախումբեր, երաժշտախումբեր կը գործեն:
Ժամանակին, երբ կը փակուէր Լոս Անջելեսի Բարեգործականի մասնաճիւղը, կ՛ըսուէր, թէ անոր յատկացուած դրամները այսուհետեւ պիտի յատկացուին Միջին Արեւելքի մեր տղոց մարզական խաղերու աշխուժացումին: Երբ Հայաստան անկախացաւ, այժմ արդէն նոր հեքիաթ յօրինուեցաւ. «Այսուհետեւ ամէն ինչ՝ Հայաստանի համար»:
Այս հեքիաթը օրինակ ծառայեց Սփիւռքի բազմաթիւ դրամատէրերու համար, որոնք դադրեցուցին իրենց նպաստը բերել Սփիւռքի մշակութային միութիւններուն եւ իրենց իւղի մէջ տապակուող բազմաթիւ արուեստագէտներու:
Քափիթալիզմի կառոյցէն բացարձակապէս անտեղեակ հայրենի իշխանութիւններու խարխափումները երկիրի կառավարման տարբեր ոլորտներու մէջ, բերին անոր, որ Հայաստանի գործունեայ, դրամատէր մարդիկ լայն կապեր ստեղծեցին Սփիւռքի դրամատէրերու հետ, եւ արտասահմանի հայերու դրամը սկսաւ հոսելու դէպի Հայաստան: Այս հոսանքին մէջ բազմաթիւ սփիւռքահայեր ոչ միայն զրկուեցան իրենց դրամէն, այլ նաեւ յուսախաբ եղան հայրենի իշխանութիւններէն:
«Բարի Գործ» անունը վրան է դարէ մը աւելի համաշխարհային միութեան, որուն՝ հայ ժողովուրդին (մասնաւորապէս սփիւռքահայերէ) նուիրատուութիւններէն գոյացած միլիոնները պէտք է մէջտեղ հանուի Սփիւռքին օգնելու համար, Սփիւռքն ալ, իր կարգին, հայրենիքին պիտի ծառայեցնէ՝ այս օրերուն համար հրատապ հարցերու, մասնաւորապէս՝ զէնք հայթայթելու եւ բանակը զօրացնելու համար: Չըլլայ այնպէս, որ վաղը միւս օր ծունկերնիս զարնենք ժամանակին Հայաստանին եւ Արցախին օգնած չըլլալուն համար:
Երբեք պէտք չէ մոռնալ, որ մեր թշնամին՝ մագիլները սրած, պատեհ առիթի կը սպասէ բզկտելու համար մեր փոքրիկ Հայաստանը, Արցախ աշխարհն ու Ջաւախքը:
Լաւ գրած է ժամանակին Փանոս Թիթիզեան. «Հիմա ժամանակն է, որ ՀԲԸ Միութեան առանցքային ուշադրութեան առարկայ դառնայ Հայ Սփիւռքը: Եթէ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց Բարեգործականը չկանգնի, հապա ո՞վ պիտի կանգնի: Եւ եթէ ոչ հիմա, ե՞րբ: Մասնայատուկ գուրգուրանքի առարկայ դարձնելով հայ նոր սերունդը»:
Ի գին ամէն ինչի պէտք է զօրացնել Սփիւռքը՝ ի շահ Հայաստանի: Այսօր դժուար չէ պատկերացնել Հայաստանի վիճակը առանց Սփիւռքի: Ժամանակները եւ դերերը փոխուած են: Չափազանց մեծ պատասխանատուութիւն ինկած է Սփիւռքի, ի մասնաւորի դրամատէրերու եւ Բարեգործականի ուսերուն:
Մենք՝ սփիւռքահայերս կարիքը ունինք ի մասնաւորի Բարեգործականի ժրաջան գործունէութեան: Ապրիլեան այս օրերուն պէտք չէ վախի եւ սարսափի մթնոլորտ ստեղծել: Դարերու փորձառութիւն ունի հայը: Օրհասական պահուն, ամէն ոք Աստուածային բռունցքին միացած՝ պայքարի կ՛ելլէ «յանուն հայրենեայց, յանուն Արցախի» պոռալով՝ մարտի կը նետուի, ինչպէս Աւարայրի ճակատամարտի օրերուն:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՕՐԵՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Սեւան»
եւ «Գառնի» Մասնաճիւղեր
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր»
Պատանեկան Միութիւն
ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Սիամանթօ» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Աշոտ Երկաթ» Ուխտ
JIM՚S CIGAR
WWW.JMTOBACCO.COM
Mr. & Mrs. Harout
& Vicky Marashlian
Donoyan Insurance Agency Inc.
1727 N. Vermont Ave. # 207
Los Angeles, CA 90027
323-663-8541
ԵՓՐԵՄ ԵՒ ՎԱՐՍԵՆԻԿ ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆ
Mr. & Mrs. Albert & Sona Shahinian Utah