ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ի՜նչ ալեկոծ էր 16 Յունիս 2017՝ Ուրբաթ օրը: Աշակերտներով չափեր էինք ամբողջ Երեւանը. Կասկադի 575 աստիճաններէն վեր, Աբովեան պողոտայէն վար, գինեգործարանի գաղտնուղիներէն ներս, տուն-թանգարաններէն դուրս… Իսկ այսօր՝ խաղա՜ղ է: Եկած ենք Սեւան: Նաւապտոյտ մըն է, զոր ծրագրած ենք երեխաներուն համար: Ծովափը նստած կը սպասենք նաւուն: Աշակերտներէն խումբ մը, անդին ինքնանկար կ՛առնէ: Մէկ մասը՝ աչքերը փակ, կը վայելէ արեւը: Իսկ միւս մասն ալ՝ բոպիկացած, ջուրին մէջ ալիքներ կը ստեղծէ:
– Պարո՛ն, ե՞րբ կու գայ նաւը,- կը հարցնէ Ալիքը, ապա խճաքար մը կը նետէ լիճ:
– Ահա՛, հոն է: Զբօսաշրջիկներու խումբ մը ունի: Կը վերադառնայ, ապա մենք կը նստինք:
Ալիքը քար մը եւս կը նետէ լիճ: Աւելի՛ մեծ քար մը: Ջուրին վրայ կը գոյանան օղակներ, կ՛ընդարձակուին անոնք, ապա կ՛անհետանան:
– Ալի՛ք, անունդ մերթ խաղաղ, մերթ ալեկոծ պատմութիւն ունի: Կ՛արժէ հո՛ս պատմել… Հազարաւոր տարիներ առաջ կաթիլ մը ինկաւ հայկական բառերու աւազանին մէջ ու ստեղծեց կեդրոնախոյս տատանումներ: Անոնք օղակ-օղակ տարածուեցան ու հասան հայոց լեզուաշխարհի բոլոր ափերը: «Ալի» բառն էր անիկա: Եւ մինչեւ այսօր, բանաստեղծներն ու տաղասացները, երազկոտ սիրահարներն ու գեղանկարիչները կ՛ալեկոծին ու կը ներշնչուին անկէ: Ո՛չ միշտ խաղաղ: Չկարծես, թէ ալիքները միշտ քնարաձայն էին եւ հանդարտեցնող:
Նաւակը հեռացած է մինչեւ նախագահական ամառանոց: Քիչ ետք, անիկա իր ցռուկը պիտի դարձնէ մեր կողմը ու լիճի մակերեսին վրայ ծոյլ ալեակներ գոյացնելով՝ պիտի վերադառնայ:
– Բնիկ հայկական բառ է «ալիք»ը: «Ալի» արմատի գրաբարեան յոգնակի ձեւն է: Կը գործածենք թէ՛ ծովու եւ թէ մազերու համար: Յունարէնը, սանսկրիտը, քրտերէնը, պարսկերէնը եւ պահլաւերէնն ալ նոյն ձեւով կը գործածեն զայն: Ալի՛ք, նկատեցի՞ր, թէ ինչպէս քու նետած քարերուն ստեղծած ալիքները ընդարձակուեցան, նոյնպէս եւ ընդարձակուեցաւ բառին իմաստը: Ան դուրս ելլելով բառացի իմաստէն՝ առաւ փոխաբերական իմաստներ: Այսօր բառը կը գործածենք բոլոր տատանումներուն համար, ինչպէս՝ ձայնի:
Վիպագիր Մուրացան ունի այսպիսի տող մը. «Նրա ձայնի արծաթեայ հնչիւնը ալիքներ տալով՝ անցաւ դահլիճի մի ծայրից միւսը»: Րաֆֆիի համար կերպասի ծալքն ալ «ալիք» էր. «Նա հագել էր ծիրանի պարեգօտ, որ երկար եւ մեղմ ալիքներով իջնում էր մինչեւ ոտները»: Ուժգին եւ բուռն շարժումներն ալ կոչեցինք «ալիք»: Ունեցանք «ծիծաղի ալիք», «ծափահարութիւններու ալիք»… Մեր երկիրը, սակայն, շատ էր տեսած դաւ ու դառնութիւն, հետեւաբար՝ ունեցանք նաեւ «հալածանքի ալիք», «սարսափի ալիք» եւ «աքսորի ալիք»:
– Իսկ դասարանին մէջ մենք կը ստեղծենք՝ «հարցումներու ալիք»… Եւ վերջապէս՝ «ալիք»ը դարձաւ իմ անունը:
– Եւ՝ շա՜տ ժամանակակից… Այսօր, բնութեան բառերը իբրեւ անձնանուն գործածելու ալիք մը կայ… Կաթիլ, փաթիլ, արեւ, տերեւ, ձիւնիկ, ծովակ, ծիածան…
Յանկարծ հուռա՜ներու ալիք մը կը բարձրանայ, երբ անհամբեր աշակերտները կը նկատեն, թէ նաւակը ուղղուած է դէպի մեր կողմ:
– Բառը յիսունի չափ բարդ բառ տուաւ մեր լեզուին. ալեշատ, ալեբեկ, ալեկործան, ալիասաստ, ալիքապար, ալեզարդ, ալեխառն, երեքալեան…։ Վերջինին պէտք ունեցանք, երբ ալիքները շատ խիստ եղան: Ունեցանք նաեւ «ալեծաղիկ կատարներ» եւ «ալեծաղիկ մազեր»: Իսկ դո՛ւն, Ալի՛ք, լսե՞ր ես «ալիքներու խանութներ»:
– Խանո՞ւթ, ալիքներո՞ւ:
– Ինչո՞ւ չէ… Կը նշանակէ՝ ծովու խորագոյն խորշերը: Մասնաւորապէս բախտաւոր էր «ալեծածան» ածականը: Թումանեան զայն արժանի գտաւ Վանայ ծովը նկարագրելու համար. «Ծփում ծովն ալեծածան»: Տէրեանն ալ բերաւ իր բաժինը. «Դիւթեցին ինձ քո մազերը ալեծածան»: Իսկ Դուրեանը, ապշած ալեակներու մեղմ բնաւորութենէն՝ սկսաւ զրուցելու լճակի մը հետ. «Չեն խայտար քո ալեակք», «Կը զմայլի՞ն ալեակքդ երկնի կապոյտին», «Որքա՞ն ունիս դու ալի»: Ալեքսանտր Ծատուրեանի բանաստեղծութիւն ալ դարձաւ անիկա. «Ալի՛ք: Մի ալիք ծովի ծոցից ափն է գալիս»: Իսկ Պատկանեանի համար յիշատակներու պահարան էր. «Հին-հին դարուց յիշատակ, ալեաց մէջը պտրում եմ»: Պոլսահայ բանաստեղծուհի Նուէր Սիլահլըն զայն դարձուց ամբողջ ժողովածուի մը խորագիրը. «Ալեկոծ»: Հայ գրողին համար «ալետանի» բառն ալ գրաւիչ էր եւ ներշնչող: Անիկա դուրս ելլելով իր բառացի իմաստէն՝ նշանակեց «խիստ յուզուած» կամ «յուզումներով տանջուած», ինչպէս այն քնարերգակը, որուն մասին խօսեցաւ Թումանեան. «Թաքցրո՛ւ, պօե՛տ, վշտերդ ամբարուած մեծ գաղտնարանում ալետանջ հոգուդ»: Իսկ մեր հիներուն համար ծերանալը՝ «Ծաղկիլ ալեաց» էր, կամ՝ «Խոնարհիլ յալիս»:
– Պարո՛ն, գրական այս մեղմ ալիքներուն մէջ ես սպառնացող բան չտեսայ:
– Որովհետեւ դուն դեռ չես լսած եւ չես տեսած «Իններորդ ալիք»ը: Անիկա ալիքներուն ամէնէն ուժեղն է, ամէնէն վտանգաւորը: Ահեղ եւ կործանիչ յորձանք է՝ փոթորիկի ժամանակ: «Իններորդ ալիք»ը նաեւ հսկայ գեղանկար մըն է, Յովհաննէս Այվազովսկիի գլուխ գործոցներէն մէկը:
– Պարո՛ն, այդ առաջին կաթիլը, որուն մասին կը խօսէիք, ո՞վ պատճառ եղաւ անոր:
– Չե՛նք գիտեր: Անյիշելի ժամանակներու յղացում է: Բայց մէկ բան ջինջ կ՛երեւի. Մեսրոպ Մաշտոցն էր, որ առաջին անգամ եւ ամէնէն շատ ենթակայ եղաւ ալիքներու կործանիչ տատանումներու՝ մեղքի ալիքներուն: Սուրբի հեղինակած շարականներուն մէջ կան այսպիսի միտքեր. «Ալիք յանցանաց զիս ալեկոծեն», «Ծով մեղաց իմոյ զիս ալեկոծէ», «Ալեկոծիմ հողմով անօրէնութեան իմոյ»… Այս աւանդութիւնը շարունակուեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի մօտ եւս. անոր մտայղացումներն են «Նաւ հոգւոյս՝ ալեկոծեալ», «Մի՛ ալեկոծեր զբքացեալս» եւ «Ի բախմանէ ալեաց սասանիմ» արտայայտութիւնները: Իսկ այսօր դարերը փոխուեցան, ու շնորհիւ գիտութեան՝ հայրենի բառապաշարին մէջ ունինք «ռադիօալիք», «ալիքի երկարութիւն», «ալիքի փոս», «ալիքի կատար», «ալիքի աղբիւր» հասկացողութիւնները:
Նաւակը կը հասնի լճափ: Թոկերով կ՛ամրացնեն: Նաւապետը՝ ալեհեր մարդ մը, ճերմակ-կապոյտ գլխարկը կը հանէ, կը բարեւէ մեզի: Խանդավառութեան ալիք մը կը ստեղծուի: Աշակերտները ցռուկէն մինչեւ նաւախել կը լեցնեն նաւակը, մինչ Ալիքը, որոշած է նաւապետէն արտօնութիւն առնել ու քանի մը վայրկեան ղեկավարել: Կան աշակերտներ, որոնք մինչեւ դրօշակ բարձրացած են: Անոնք ինքնաբուխ կը սկսին երգելու եւ մեզի տալու լաւագոյն վերջաբանը.
«Պատրաստեց փոքրիկ տղան մի ճերմակ թղթէ նաւակ,
Իջեցրեց նաւակը նա, գետակի ալիքների վրայ…
Ի՛մ փոքրիկ նաւակ, ի՛մ փոքրիկ նաւակ…
Ո՛ւր են քեզ, ո՛ւր են տանում, գետի ալիքները խելագար»: