
ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամները Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին, միաձայնութեամբ վաւերացուցին Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր հռչակող բանաձեւը։
Նիստին ներկայ էին ներկայացուցիչներ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանէն՝ առաջնորդութեամբ տնօրէնուհի Սանան Շիրինեանի, Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբէն, ՀՅԴ կոմիտէութենէն եւ այլ կազմակերպութիւններէ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Սթիւ Չոյի գրասենեակէն ու Պրէայի Քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ Մարթի Սիմոնոֆ։
Բանաձեւը ներկայացուց վերահսկիչ Միշել Սթիլ, որ շեշտեց մարդկութեան դէմ գործուած նման ոճիրները յիշելու եւ դատապարտելու կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնց նմանները չկրկնուին։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Մարթի Սիմոնոֆ եւ Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբէն Թալին Ճերմակեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն բանաձեւը վաւերացնելու որոշումին համար եւ դրուատելով այս աշխատանքին մէջ Սթիլի դերակատարութիւնը։
Նշենք, որ Օրենճ Քաունթիի վերահսկիչներու խորհուրդը առաջին անգամ 2015ին էր, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նման բանաձեւ մը վաւերացուցած էր, եւ անկէ ետք ամէն տարի յարգանքով կը խոնարհի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ։
Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կ՛ուզէ յիշեցնել, թէ իր յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Պարսամեան» Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ (5305 W. McFadden Avenue), համագործակցութեամբ «Վարդանի Ասպետներ եւ Դուստրեր» եւ «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեանց։ Ձեռնարկը Արցախի ականազերծման աշխատանքերուն նուիրուած հանրային քննարկում մըն է։
