ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է պաշտօնապէս պատասխանէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) հարցումներուն՝ պարզաբանելով, թէ արդեօք 2016ի տարեվերջին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ զոհուած երեք հայ զինուորներուն մահը հետեւանք էր Ատրպէյճանի կողմէ «ուժի կիրառման, որ բացարձակ անհրաժեշտ էր», եւ թէ արդեօք հայ զինուորներուն մահը ատելութեան եւ խտրականութեան հետեւանք էր:
Յիշեցնենք, որ ըստ պաշտօնական տեղեկատուութեան, ատրպէյճանցի զինուոր Չինկիզ Ղուրպանով 2016ի տարեվերջին հատած էր հայ-ատրպէյճանական սահմանը եւ սպանած երեք հայ զինուորներու՝ Էդգար Նարայեանը, Էրիկ Աբովեանը եւ Շաւարշ Մելիքեանին:
Եւրոպական դատարանին մէջ, հայ զինուորներու հարազատներու ներկայացուցիչները Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արտակ Զէյնալեանի ու փաստաբան Արա Ղազարեանի կողմէ Սթրազպուրկ ուղարկուած դիմումին մէջ դատարանէն խնդրած են ճանչնալ Ատրպէյճանի կողմէ թոյլ տրուած խախտումները: Դիմումատուները պնդած են, որ զինուորներու մահը հետեւանք չէ ուժի, որուն կիրառումը «բացարձակ անհրաժեշտ» էր:
Բողոքին մէջ դիմումատուները նաեւ նշած են, որ երեք հայ զինուորներու սպանութիւնը տեղի ունեցած է ատելութեան հողի վրայ:
Նշենք, որ 2016ի ապրիլեան պատերազմի զոհերու եւ խոշտանգուածներու դիմումներուն մէկ մասին Եւրոպական դատարանի քննութիւնը աւարտած է, եւ արդէն կը սպասուի վճիռներու կայացման: