ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 9 Ապրիլին կառավարութիւնը հրաժարական պիտի տայ եւ այդ թուականէն ետք նախարարները պիտի դառնան ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ:
Արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան այս մասին զեկուցելէ ետք յայտնած է, որ 17 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութիւն, որմէ ետք ամէնէն ուշը մինչեւ հինգ օր հանրապետութեան նախագահին կը ներկայացուին կառավարութեան անդամներու թեկնածուները, իսկ մինչեւ 15 օր պէտք է կառավարութեան անդամներուն երկու երրորդը նշանակուած ըլլան:
«Երբ նախագահի կողմից կառավարութեան երկուերրորդը նշանակուած լինի, կ՛ազդարարուի նոր կառավարութեան ձեւաւորումը», նշեց Յարութիւնեան: