Հռոմի Ֆրանսիս պապը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ պիտի օծէ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ հանդիսացող եւ տիեզերականութեան խորհրդանիշ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ օծման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Հինգշաբթի 5 Ապրիլին՝ կէսօրուան ժամը 12ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ներկայութեամբ:
Ստեղծագործութեան հեղինակը քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին է: Պրոնզէ արձանը պատրաստուած է Չեխիոյ Հանրապետութեան ձուլարաններէն մէկուն մէջ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի եւ Արթուր Ջանիբեկեանի նիւթական աջակցութեամբ:
Արձանի երկու օրինակներ ձուլուած են, որոնցմէ մէկը Վատիկանի պարտէզներուն, իսկ միւսը՝ Էջմիածինի վեհարանին համար: Այսպիսով, արուեստի միջոցով կը փոխանցուի մէկ ուղերձ, որ կը սերտացնէ յարաբերութիւնները քոյր եկեղեցիներուն միջեւ:
Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանը Վատիկանին եւ Հռոմի Ֆրանչսիս պապին նուիրելու գաղափարը ծագած է երկու տարի առաջ, Հռոմի պապի՝ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, երբ նախագահ Սարգսեան պապին նուիրեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի փոքրիկ պրոնզէ արձանը՝ յուսալով օր մը անոր մեծ տարբերակը տեսնել Վատիկանի պարտէզներուն մէջ:
Նշենք, որ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Վատիկան հասաւ 4 Ապրին։
Սոյն արարողութեան մասնակցելու նպատակով կաթողիկոսին կ՛ուղեկցին Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Շահէ Ծ. վրդ. Անանեան եւ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քահանայ Մելիքեան։