ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսախօս երկիրներու ներկայացուցիչներու երեւանեան հաւաքի առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներու մասնակցելու համար Հոկտեմբերին Հայաստան կը սպասէ 5 հազար այցելուներու: Այս մասին Երեւանի մէջ «Ալեքսանդր» հիւրանոցային համալիրի բացման ժամանակ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան:
«Այսօր հիւրանոցային համարները ցուցակագրուած են, հաշուի ենք առել, նաեւ Ծաղկաձորն ու Աղուերանը: Մենք պատրաստ ենք ընդունելու հիւրերին: Մեր դերը, որպէս Զբօսաշրջութեան կոմիտէ, Հայաստանում գտնուելու ժամանակ նրանց ժամանցը ապահովելն է: Շատ հետաքրքիր ծրագիր ենք կազմել, օրը երկու անգամ առաւօտեան եւ երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակից աւտոբուսները շարժուելու են մի քանի ուղղութիւններով», յայտնեց Զէյթունցեան:
Նա նշեց, որ վերջին տասը տարիներու ընթացքին զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը գրեթէ եռապատկուած է: Այսօր Հայաստանի մէջ կը գործէ 540էն աւելի հիւրանոցներ, որոնցմէ մօտ 40 տոկոսը մայրաքաղաքի մէջ կը գտնուի:
««Ալեքսանդր» հիւրանոցային համալիրի բացմամբ նոր ծառայութիւններ կ՛առաջարկուին: Երեւանի մէջ իր ներկայութիւն կ՛ունենայ բարձր դասի հիւրանոց, որ զբօսաշրջութեան համար բաւական կարեւոր է: Այսպիսի հիւրանոցի պահանջարկ այսօր Հայաստանում: Ինչպէս գիտենք, մենք ակտիւ աշխատանք ենք տանում նոր շուկաներ մուտք գործելու համար, թիրախաւորել ենք արաբական երկրները, որտեղից եկող այցելուների համար հիւրանոցային պայմանները շատ կարեւոր են», ըսաւ Զէյթունցեան:
Հանդիսանալով «Մարիոթ ինթերնէյշընըլ» ընկերութեան պատկանող «Դը լաքժրի քոլեքշըն» աշխարհահռչակ ցանցի անդամ՝ «Ալեքսանդր» հիւրանոցը կառուցուած է համաշխարհային չափանիշներուն համապատասխան՝ բարձրորակ շինարարական նիւթերով եւ կահաւորմամբ: Հիւրանոցային համալիրի կառուցման նպատակով կատարուած ընդհանուր ներդրումները կազմած են շուրջ 53,9 միլիոն տոլար: Հիւրանոցը կրնայ միաժամանակ ընդունիլ մինչեւ 230 այցելու: Համալիրի մէջ 280 հազար դրամ միջին աշխատավարձով 144 հոգի կ՝աշխատին: