ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ռէյ Քունի ծանօթ եւ համբաւ ստեղծած անգլիացի թատերագիր մըն է, որուն գործերը իր անուան շուրջ արդէն իսկ ստեղծած են որոշ հետաքրքրութիւն: Իր գլխաւոր գործերէն մէկն է Run for Your Wife եւ ապա անոր շարունակութիւնը եղող Caught In The Nest կատակերգութիւնը, զորս Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի «Սաթամեան» թատերախումբի տարիներու բեմադրիչ–դերասան Գրիգոր Սաթամեանը «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» անունով եւ նոյն վերնագիրով ալ «երկրորդ մաս»ը անուանած եւ թարգմանական աշխատանքն ու անոր հայացումը կատարած էր: Առաջինը երկու արարնոց էր, իսկ ասիկա՝ մէկ:
Պէտք է յիշեցնել, որ կատակերգութիւն ըսուածը խորքին մէջ ձեռնարկ մըն է հանրութիւնը դուրս բերելու իր օրուան ճնշող մթնոլորտէն:
Թատերգութիւնը իբրեւ նախկինին շարունակութիւնը դարձեալ կը ներկայացնէր «թաքսի» վարորդ-մեքենավար Հայկազի առօրեայէն բաժին մը: Մեքենավար մը, որ գաղտնօրէն ունեցած եւ պահած էր երկու կին, մէկը՝ Թամար իսկ միւսը՝ Արփիկ, որոնք կ՛ապրէին տարբեր քաղաքներու մէջ: Երկուքն ալ ունէին մէկական զաւակ: Թամարինը՝ Սեւակ, 17 տարեկան, իսկ Արփիինը՝ Շուշիկ 16:
Պատահականութեան իբրեւ արդիւնք, այս երկու զաւակները տարիներ ետք իրարու կը հանդիպին եւ կը փափաքին իրարու հետ բարեկամութիւն հաստատել, որովհետեւ առանց մանրամասնութեան կամ «իրականութեան» իրազեկ դառնալու, երկուքն ալ կը զարմանային, թէ ինչպէս այս հսկայ Լոս Անճելըսի մէջ իրենք ունէին ոչ միայն նոյն անունով, ազգանունով ու տարիքով, այլեւ՝ նոյն արհեստով զբաղող (մեքենավար) հայր: Ապա զանազան արկածախնդրական, անակնկալ եւ արագընթաց դէպքերէ, շարժումներէ եւ զուարճալի իրավիճակներէ ետք, ճակատագիրը իր դերը կը խաղայ ու վերջ կու տայ այս «խայտառակութեան»՝ բացայայտելով մեքենավարին թաքուն կեանքն ու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անոր երկու կիներուն տարիներու գաղտնիքը:
Հետաքրքրական աւարտ, որուն բացայայտումը հանդիսատեսը ինք պէտք է տեսնէ՝ ներկայ գտնուելով այս զուարճալի խաղին:
Շաբաթ, 24 Մարտ 2018ի երեկոյեան ժամը 8ին, Ալթատինայի ՀԲԸՄ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ ներկայ եղանք Գրիգոր Սաթամեանի բեմադրութեամբ ՀԲԸՄի «Սաթամեան» թատերախումբի՝ շուրջ երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» երկրորդ մաս-մէկ արարնոց ներկայացումին:
Այս տողերով չեմ փորձեր հայ թատրոնին եւ անոր առաքելութեան առանձնակի կարեւորութիւնը շեշտել, ինչպէս նաեւ՝ անոր մատուցած ծառայութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Բոլորս ալ քաջածանօթ ենք թատրոնին եւ անոր ճամբով մեր ակնկալութեանց՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Մատուցուած նիւթին կողքին, կը խորհրդածենք նաեւ խաղին պայմաններու, վայրին, թելադրականութեանն, ոճին, երաժշտութեան, լուսաւորումին եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին: Իրեւ նման խաղերու պարզ հանդիսատես, ինծի համար ամէն բանէ առաջ եւ ընդհանրապէս էական են խաղի հրամցուցած լեզուն, ձեւն ու ոճը եւ անպայման՝ խաղացողի տաղանդը: Ու չմոռնանք, որ այս բոլորի ներքին ձայնին եւ պատգամին ամէնէն արտայայտիչը ի՛նք՝ դերասանն է, իր գիտակցութեամբ, խաղարկութեամբ եւ տաղանդով:
Անոր համար կ՛ուզեմ անդրադառնալ այս խումբի դերակատարներուն մասին, որոնք երիտասարդ ուժերէ կազմուած էին եւ որոնց խաղարկութիւնը յաջողեցաւ հանդիսատեսը կապել բեմին՝ ամէն վայրկեան:
Արդ, սկսելով բեմադրիչէն, կրկնութեան գնով ըսեմ, որ Սաթամեան այն արուեստագէտներէն է, որ գիտէ «խաղը» ընտրել, զատել ու բառին իսկական առումով՝ ամէն տարի գեղեցիկ նորութեամբ մը ներկայանալ լոսանճելըսահայ թատերասէր հասարակութեան: Այս թատերական եւ բեմական իր հմտութիւնն ու ճարտարութիւնը, դերասանական իր ձիրքի ու բեմադրիչի իր կոչումին շնորհիւ է, որ հանդիսատեսը տեւապէս կապուած կը պահէ մեր գաղութի այս միակ ու մնայուն թատերախումբին:
Բեմադրիչ Սաթամեան կրցած էր խաղը դարձնել արագընթաց դէպքերու, շարժումներու եւ խօսքերու կատակերգութիւն մը, որուն մէջ իւրաքանչիւր դերասան կամ դերասանուհի իր արդար բաժինն ու քրտինքը կը բերէ հաւասարապէս:
Անցնելով գլխաւոր դերակատարներուն՝ մեքենավար Հայկազին (Ռուբէն Հարմանտայեան), վարձակալ Յակոբին (Արամ Մուրադեան) եւ Յակոբի հօր (Գէորգ Քէօշկէրեան), պէտք է խոստովանիլ, որ երեքն ալ իրենց դերերը լաւապէս մարմնաւորած էին: Երեքն ալ իբրեւ վեթերան դերակատարներ շատ յաջող կերպով բեմական արուեստը հանդիսատեսին փոխանցեցին: Երեքն ալ թատերական ընբռնումներու ծանօթ ըլլալով հմտաբար մարմնաւորեցին իրենց կերպարը:
Խօսելով զաւակներու դերերը վերցնողներուն՝ Շուշիկի (Ալիսըն Քէշիշեան) եւ Սեւակի (Փիթըր Նշան) մասին, ըսեմ, որ անոնք խօսքի եւ իրավիճակի հաճելի եւ գեղեցիկ շաղկապումով հանդէս եկան: Իսկ գալով կիներոււն՝ Թամարին (Արփի Սամուէլեան) եւ Արփիկին (Նարինէ Աւագեան), պէտք է ըսել, որ երկուքն ալ թատերական արուեստին մէջ սէր եւ խանդավառութիւն ունեցող երիտասարդ դերասանուհիներ են եւ եզակի դերակատարութեամբ հանդէս եկան: Երկուքն ալ ունէին դերասանական շնորհք եւ յանձառութիւն:
Իսկ «Սաթամեան» խումբը իր ամբողջութեամբ դարձաւ համարձակ ներկայութիւն՝ պարզ յարդարանքով եւ կահոյքով զարդարուած բեմին վրայ: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ այս խմբակը ունի շնորհալի եւ եզակի ոճ եւ կեցուածք, եւ իր ստեղծագործ ոգիով յափշտակեց սրահի ուշադրութիւնը:
Գնահատանքի յատուկ խօսք բոլոր անոնց, որոնց առաքելութիւնը (իբրեւ սեւ աշխատանք) թատրոնի ճամբով ստացած է կրկնակի իմաստ: Անոնց շարքին են Ռիթա Թոխմանեանը (բեմավար), Մանուկ Սաթամեանը (տէքոր), Վիգէն Պալապանեանը (երաժշտութիւն-լոյս), Լիւսի Պալապանեանը (բեմի պատասխանատու) եւ Ռիթա Դալար Պետրոսեանը (յուշարար):
Իբրեւ վերջաբան կ՛ուզենք ըսել, թէ թատրոնը, յատկապէ՛ս հայ թատրոնը, որուն արեւմտահայ բաժինին, ինծի նման մեծ թիւով հաւատարիմ թատերասէրներ կարօտը ունինք: միայն խօսք չէ, ձայն կամ լեզու չէ, այլ նաեւ գիծ է եւ գոյն եւ լոյս, խաղարկութիւն է եւ է՛ նաեւ ներկայացում ու ոգի:
Եթէ կը հաւատանք, որ հայ թատրոնը կարողութիւնը ունի դառնալու մեր գաղութի բազկերակը եւ կ՛իրականացնէ նոր սերունդներուն մարդկային ու ազգային արժէքներ փոխանցելու առաքելութիւնը, ինչո՞ւ ուրեմն դիմել օտար հեղինակներու՝ թարգմանական աշխատանքներու: Արդեօք մեր «թեմաները» կը պակսի՞ն: Արդեօք թատերագիրներ չունի՞նք: Պէտք է փնտռել հոս-հոն, հայրենիք, Արցախ եւ գաղութներ: Պէտք է քաջալերել միեւնոյն ժամանակ հաւաքական ձեւով թիկունք կանգնելով հայ թատրոնին, ստեղծելու համար յատուկ մթնոլորտ:
Արդեօք կը կարծենք, որ կը պակսի՞ պատեհութիւններ ստեղծելու եւ զարգացնելու մեր քաջութիւնը:
Այս կէտերը՝ անոր համար, որ թատերական կեանքի գեղեցկութիւնը այս շրջանէն ներս շարունակուի աւելիո՛վ: