ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Իր Մարտ 30ի թիւով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի նախկին դատախազ եւ դատաւոր, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի անդամ Արման Արապեան մահացած է Մարտ 28ին, Սան Ֆերնանտօ հովիտ գտնուող իր բնակարանին մէջ։
Արապեան, որ զաւակն էր Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայորդիներու, Նիւ Եորք ծնած էր։ Անոր մեծ հայրը եւ ազգականները զոհ գացած էին Հայոց Ցեղասպանութեան։
1990-1996 թուականներուն, ան եղած էր Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի անդամ։
Այդ ատեանի ներկայ նախագահը՝ Թանի Քանթիլ Սաքաույէ, Մարտ 29ին դրուատած է Արապեանի ունեցած «յատկանշական ներդրումները՝ նահանգին իրաւական համակարգը զարգացնելու մէջ»։