«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատրաստ պէտք է ըլլալ որեւէ գին վճարելու: Պատրա՛ստ ենք: Երկու տարի առաջ, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, իսկապէս սուղ վճարեցինք՝ պաշտպանելու համար մեր հողը: Հրաշալի տղաք, երիտասարդներ, իրենց անմիջական հրամանատարներուն հետ, իրենց կեանքի գնով կասեցուցին դաւադիր ներխուժումը ու ետ մղեցին նենգ թշնամին:
Այսօր, ցաւով բայց հպարտութեամբ կը յիշենք մեր հերոսները, որոնք իրենց քաջագործութեամբ, իրենց գիտակից զոհաբերութեամբ նոր սերունդին պատգամեցին ոչի՛նչ խնայել՝ գերագոյն արժէք հանդիսացող հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Բայց, միայն զոհաբերութեան պատգամ չէր նահատակներուն փոխանցածը: Այդ երիտասարդները մեզի պարտականութիւն տուին աւելի՛ պատասխանատուութեամբ հետեւելու երկրի պաշտպանութեան գործին. անոնք անքննելի իրաւունքով մեզմէ կ՛ակնկալեն, որ հայրենիքի սահմանները իրապէս անմատչելի դարձնենք:
Այդ պարտականութիւնը իրականացնելու համար, նախ պէտք է կարենանք վառ պահել Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող ազգային միասնական ու մարտական ոգին, ապա իւրաքանչիւրս պէտք է Հայոց Բանակը ուժեղացնելու իր ներդրումը ունենայ. իշխանաւորները, պետութեան ղեկավարութիւնը՝ աւելի՛ ցցուն կերպով անհանդուրժողութիւն ցոյց տալով բանակին միջոցները իւրացնողներուն հանդէպ. իւրաքանչիւր անհատ, Հայաստան թէ արտերկիր ապրող՝ գտնելով լաւագոյն ձեւաչափը, ամէնէն արդիւնաւէտ ճանապարհը՝ իր անձնական մասնակցութեան բանակի հզօրացման աշխատանքներուն:
Սահմանային դիրքերու ամրապնդման, անոնց անառիկութեան նպաստելու միջոցները շատ են: Եթէ դժուարութեան հանդիպինք ու չկարենանք կողմնորոշուիլ, կրնանք ուղղակի դիմել համապատասխան կառոյցներու եւ հետեւիլ անոնց ցուցմունքներուն:
Մէկ բան յստա՛կ է. ամէն ինչ պէտք է ընել, որ երբե՛ք, երբե՛ք մեր տղաքը Ապրիլեան քառօրեայի նման անակնկալներու առջեւ չգտնեն իրենք զիրենք: