«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վարչութիւնը խմբագրութեանս փոխանցած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կոչ կ՛ընէ հանրութեան, որ համացանցային խնդրագիր մը ստորագրելով՝ իր զօրակցութիւնը յայտնէ պատմական այս ծրագիրին։
Զօրակցական խնդրագիրը ստորագրելու համար, այցելել www.armenianamericanmuseum.org/Petition կայքէջը։
Թանգարանին նպատակն է Միացեալ Նահանգներու մէջ ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնել՝ ամերիկահայութեան փորձառութեան ընդմէջէն։ Անիկա պիտի ունենայ ամերիկահայութեան պատմութեան նուիրուած մնայուն բաժին մը, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպէ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ եւ ներկայացումներ:
Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք այս թանգարանը, որ մաս կը կազմէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը զարգացնելու ընդարձակ նախաձեռնութեան, պիտի ունենայ նաեւ ցուցադրական խոհանոց մը՝ տարբեր մշակոյթներու ճաշատեսակներու փոխանակման նպաստելու համար:
Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը:
Համայնքիս ազգային կառոյցները միասնականութեան հոյակապ դրսեւորումով՝ կողք կողքի կ՛աշխատին իրականացնելու համար թանգարանին ծրագիրը:
«Ասպարէզ», թանգարանի ծրագիրի յղացման առաջին իսկ պահէն միացած է համայնքի բոլոր ուժերուն եւ իր բաժին ներդրումը սիրով կը բերէ՝ համայնքը իրազեկ դարձնելով ու անհրաժեշտ պահուն խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու զօրաշարժի ենթարկելով իր հնարաւորութիւնները:
Այս ա՛յն պահերէն մէկն է, երբ կը պահանջուի նուազագո՛յն աշխատանք՝ ստորագրել համացանցային խնդրագիրը:
Կը խնդրենք ընդառաջել: