ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, 27 Մարտին, Երեւանի մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Լիւքսեմպուրկի հիւպատոսարանը: Բաղրամեան 24 հասցէով այսուհետեւ գործող հիւպատոսարանը պիտի դառնայ երկու երկիրներու համագործակցութեան կարեւոր կեդրոն:
Հիւպատոսարանի բացումը կատարեցին այդ նպատակով իր պատուիրակութեան հետ Հայաստան ժամանած Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարար Ժան Ասելպոռնն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Լիւքսեմպուրկի պատուոյ հիւպատոսն է Սուրէն Զօհրապեանը:
Նոյն օրը արտաքին գործոց երկու նախարարները առանձին նստած են բանակցութեան սեղան, որմէ ետք հանդէս եկած են մամլոյ ասուլիսով:
Նախարար Նալբանդեան ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ խորհրդանշական կը նկատէ այն փաստը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ոչնչացման սպառնալիքը վերապրած հայ ժողովուրդը այժմ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու դէմ գործօն պայքարողներու շարքին է:
«Պատահական չէ, որ այս տարուայ Դեկտեմբերի 9ին՝ Կոնվենցիայի (ուխտի-Խմբ.) ընդունման օրը, Ժընեւում որպէս բանաձեւի ընդունման շարունակութիւն՝ մենք ցեղասպանութիւնների կանխարգելմանը նուիրուած Համաշխարհային համաժողով կ՛անցկացնենք: Այս բանաձեւը վերահաստատում է Կոնվենցիայի դրոյթները, ինչը յանցագործութիւնների կանխման տեսանկիւնից շատ կարեւոր է: Անպատժելիութիւնն ու ժխտումը խոչընդոտներ են կանխարգելման գործում», ընդգծած է Նալբանդեան: