ՓԻՑՊԸՐԿ, «Էյ.Փի.».- Հանրապետական Ռիք Սըքոն Չորեքշաբթի, Մարտ 21ի գիշերը ընդունեց, որ պարտութիւն կրած է Մարտ 13ին կայացած Ներկայացուցիչներու տան արտակարգ ընտրութեանց ընթացքին, որ տեղի ունեցած էր Փենսիլվանիոյ՝ հանրապետականներու ամրոց նկատուող ընտրատարածքին մէջ։ Դեմոկրատ Քանըր Լեմ կրցած էր քոնկրեսական ընտրուիլ, հակառակ Սըքոնի ցուցաբերուած Թրամփի եւ անոր ընտանեկան պարագաներուն ու դաշնակիցներուն ամբողջական աջակցութեան։
Յիշեցնենք, որ Թրամփ այդ ընտրատարածքը շահած էր քուէներու 20 տոկոսի տարբերութեամբ։