ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ հաստատուած Ժառանգուած լեզուներու ազգային կեդրոնը, 4 տարին անգամ մը կը կազմակերպէ ժառանգուած եւ համայնքային լեզուներու նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը, որուն ընթացքին նաեւ կը յանձնուին փրոֆ. Ռաս Քեմպըլի անուան մրցանակները՝ ժառանգուած լեզուներու դասաւանդման մարզին մէջ լաւագոյն ուսումնասիրութիւններու հեղինակներու։ Մրցանակին կ՛ընկերանայ նաեւ 500ական տոլար նուէր։
Փետրուար 16ին կայացած այս տարուան գիտաժողովին, նշեալ մրցանակին արժանացած երկու մտաւորականներէն մէկն էր դոկտ. Շուշան Կարապետեան, որուն ուսումնասիրութիւնը նուիրուած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնի պահպանման եւ կը կրէր «Ինչպէ՞ս երեխաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս»:
Նշենք, որ անոր դոկտորական աւարտաճառը հանդիսացող սոյն գործը արժանացած էր նաեւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ Աւարտաճառ» մրցանակին:
Դոկտ. Շուշան Կարապետեան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր այժմ հայերէն կը դասաւանդէ: Ան նաեւ մաս կը կազմէ հայախօսութիւնը խթանելու շարք մը նախաձեռնութիւններու: