Անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ շրջանի Տեսին-Շարփիէօ քաղաքին մէջ սկսան «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»ու ծիրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները: Բացման արարողութեան ներկայ եղան Ֆրանսայի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Տեսին-Շարփիէօի քաղաքապետ Լորանս Ֆոթրա, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Տանիէլ Ղազարեան, Լիոնի մօտ Հայաստանի փոխհիւպատոս Գայիանէ Մանուկեան, Քաղաքային խորհուրդի անդամներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Ձեռնարկները սկսան ֆրանսացի լուսանկարիչ Իվան Թրավերի «Արցախ. երկրի մը ոգին» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսի ներկայացումով:
«Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»ու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ նկարիչ Սիլվեն Սաւոյեայի «Ճանապարհորդութիւն դէպի Արցախ» ջրանկարներու շարքը, Առնօ Խայաճանեանի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» վաւերագրական ֆիլմի, Հիւլէ Քեշիշեանի «Արցախը 180 Վայրկեանի Մէջ» ժապաւէններու ցուցադրութիւնները:
Ծրագրուած է ֆրանսահայ մաթեմաթիկոս, պատմաբան Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանի «Բացայայտել Արցախը» խորագրեալ դասախօսութիւնը:
Նշենք, թէ 25 Սեպտեմբեր 2017ին, բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուած է Արցախի Հանրապետութեան Ճարտար եւ Ֆրանսայի Տեսին-Շարփիէօ քաղաքներուն միջեւ: