ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յաճախ անդրադարձած ենք ազգային կառոյցներու մէջ որակաւոր ու երիտասարդ ուժեր ունենալու անհրաժեշտութեան: Նրեկայ վիճակին գնահատումը մէկ կողմ թողնելով ու հերթափոխի վրայ կեդրոնանալով՝ կարելի է հաստատօրէն յայտարարել, որ մեր ներկայ դրուածքով՝ մեր ազգային կառոյցները անկարո՛ղ են ներգրաւել, հրապուրել որակաւոր գործիչներ ու աշխատողներ, պարզ այն պատճառով, որ շատ տխուր հռչակ ունին վարձատրելու, ապահովելու եւ պահպանելու մարզերուն մէջ:
Այս խորագիրը մեզի յուշեց դաշնակցական երիտասարդ ընկեր մը, որ ներքին շրջանառութեան Դիմատետրի իր ակնարկին մէջ հարց դրած էր, թէ մեր ազգային միջավայրին մէջ մենք արդար կը վերաբերի՞նք արդեօք մեր աշխատողներուն հետ: Ան հարց դրած էր նաեւ, թէ մեր կառոյցներէն ներս գործողները աշխատաւորական միութիւններ ունի՞ն, կամ՝ մաս կը կազմե՞ն աշխատաւորական միութիւններու, որոնք կրնան պաշտպանել իրենց շահերը եւ որոնք կրնան հաւաքական ներկայացուցչութեան շնորհիւ բանակցիլ յանուն իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Աշխատաւորական միութիւններ չունինք, եւ հաւաքական ներկայացուցչութեան ազգային կառոյցներու ղեկավարութեան հետ բանակցելու գախափարը սրբապղծութեան համազօր կրնայ նկատուիլ պատասխանատուներուն կողմէ։
Մենք, դժբախտաբա՛ր, համակերպուած ենք այս իրավիճակին, ու յանդուգն երիտասարդ ընկերոջ մը յիշեցումը պարզապէս «սիրտ պարպելու» առիթի մը կը վերածենք:
Բայց, այս հարցը այնքա՛ն լուրջ է ու անյետաձգելի, որ անոր չանդրադառնալը կրնայ վտանգել մեր ազգային կառոյցներու հետագայ գործունէութիւնն իսկ:
Արդարեւ, եթէ մեր կառոյցները չապահովեն իրենց աշխատաւորները լաւ վարձատրութեամբ, պատշաճ առողջապահական ապահովագրութեամբ (այս մէկը գոնէ, համոզուած եմ, որ ունին մեր աշխատողները), նաեւ՝ հանգստեան տարիներուն արժանապատիւ կեանքով, ապա ինչպէ՞ս գործի ասպարէզ պիտի հրաւիրեն նոր ուժեր:
Մարդկային իրաւունքներու եւ ընդհանրապէս արդար ընկերային համակարգերու ջատագով կազմակերպութիւնը, առաջին հերթին, իր անմիջական շրջապատին մէջ պէտք է կենսագործէ իր գաղափարական սկզ-բունքները, որքա՛ն ալ դժուար ըլլայ անոնց գործադրութիւնը, որքա՛ն ալ նիւթական զոհողութիւններ պահանջեն անոնք: Այլապէս՝ մարդիկ չե՛ն հաւատար մեզի, չե՛ն հաւատար մեր գաղափարականութեան: