ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ «Էրճիյէսի» համալսարանի նախկին դասախօս փրոֆ. Շաքիր Պաթմազ կը մեղադրուի Կիւլենի «ահաբեկչական կազմակերպութեան» անդամակցելու եւ անոր մէջ պատասխանատու դերակատար ըլլալու յանցանքներով:
Պաթմազի դէմ ներկայացուած մեղադրականին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է նաեւ հայերու հետ անոր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամերիկաբնակ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հայկական ծագման վերաբերեալ անոր կարծիքին:
Ի դէպ, Կիւլենը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կը համարուի այլախոհ կիւլենական շարժումի հիմնադիրը եւ կը մեղադրուի 15 Յուլիս, 2016ի ռազմական յեղաշրջման փորձը կազմակերպելուն համար:
Պաթմազի մեղադրականով կը նշուի, որ ան «Էրճիյէսի» համալսարանին մէջ կազմակերպած է հայերուն վերաբերող երկու գիտաժողովներ, որոնք իրականացուած են Կիւլենի շարժումին՝ «Կրօններու միջեւ երկխօսութիւն եւ համերաշխութիւն» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս:
Նաեւ կը նշուի, որ Պաթմազ հիւրընկալուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքին կողմէ, Հայաստանի մէջ մասնակցած է գիտաժողովի եւ «Էրճիյէսի» համալսարանին մէջ իրականացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան համար հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու արշաւ:
Իսկ մեղադրականի այն հատուածին մէջ, որ կը վերաբերի Կիւլենի ծագումին, մէջբերուած են նոյնինքն Պաթմազի խօսքերը. «Երբ իբրեւ պատմաբան կը վերլուծեմ՝ հաշուի առնելով անոր բնակութեան տարածքը, կը հաւատամ, որ Կիւլեն հայկական ծագում ունի: Էրզրումի մէջ, ուր ծնած է Կիւլեն, անցեալին եղած է շատ խիտ հայկական բնակչութիւն: Կը կարծեմ նաեւ, որ ան ծառայած է Ամերիկայի կայսերապաշտական գործունէութեան»:
Յատկանշական է, որ այս վերջին եզրակացութեան համաձայն կը թուին ըլլալ նաեւ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները։