ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր կեանքը… Անկախ Հայաստանի մէջ մեր իրականութիւնը…
Պատերազմը պիտի՛ ըլար: Ուրիշ տարբերակ չէր կրնար ըլլալ: Արցախը պէ՛տք է ազատագրուէր, եւ հրաշալի տղոց զոհաբերութեամբ, խիզախութեամբ ու նուիրումով անիկա ազատագրուեցաւ: Երազ մըն ալ իրականացաւ: Երկո՛ւ երազ միասին՝ անկախութիւն ու հողի ազատագրում:
Կ՛երեւի շփացա՛նք: Անկախութեան հետ մեզի պարգեւուած պետականութիւնը, աւելի ճիշդ՝ անոր գլուխը կանգնած իշխանաւորները կտրուեցան իրականութենէն ու իրենք իրենց թոյլ տուին ամէնէն անընդունելի վարքը՝ սեփական ժողովուրդի հանդէպ անտարբերութիւն, անոր կարիքներուն, անոր արժանապատուութեան հանդէպ նախանձախնդրութեան պակաս:
Եւ եղաւ այն, ինչ եղաւ:
Երանի՜ տարբեր ուղիով քալէինք բոլորս, ուղի մը, որ անշեղօրէն պիտի հասցնէր մեր նահատակուած թէ կենդանի հերոսներու տեսլականը հանդիսացող ապագային, ուղի մը, որ կը շնչէ ազգային համերաշխութեամբ տոգորուած քաղաքացիներու դոփիւններով:
Կրնա՞նք նոր սկիզբ ունենալ: Կրնա՞ք կերտել այն պետութիւնը, ուր ազգային ձգտումներով դաստիարակուած, ազգային գաղափարներով կազմաւորուած մարդիկ իրենց ուժն ու կորովը չեն մսխեր անարդարութեան դէմ պայքարի ձեւեր փնտռելով՝ այդ ընթացքին ընդունելի թէ անընդունելի փորձութիւններու ենթարկուելով:
Պէ՛տք է ունենանք այդ նոր սկիզբը: Ուրիշ տարբերակ չկայ: Այդ նոր սկիզբը պէտք է կարենայ մեզ այնպիսի ինքնավստահութիւն ներշնչել, որ մենք կարենանք վերանայիլ անցեալի սխալները, բացթողումները, անարդարութիւնները, վերադարձնելով հերոսները իրենց արժանի բարձունքներուն: Երեւակայեցէք որքա՛ն բարոյական կորով կը կուտակենք, երբ արդար ապագայի ձգտումին կը միախառնենք անցեալի անարդարութիւնները սրբագրելու վճռականութիւնը:
Երանի՜ թէ մեր նոր ընթացքը հիմնովին տարբեր ըլլայ նախկինէն: Բայց, անշո՛ւշտ, «երանի»ն քաղաքական եզր չէ՛: