ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 19 Մարտին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան կարեւոր նկատեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի այցելութիւնը Ուաշինկթըն:
«Մենք պէտք է գիտակցենք, որ Արցախի հանրապետութիւնը դէ ֆակտօ (իրողապէս-Խմբ.) անկախ պետութիւն է, ճիշդ է, դեռ չճանաչուած: Նա վարում է իր արտաքին քաղաքականութիւնը, որն իհարկէ, սահմանափակ է միջազգային չճանաչման պատճառով», ըսաւ Քոչարեան՝ աւելցնելով. «Սա առաջինը չէ, որ Արցախի տարբեր պաշտօնեաներ այցելում են տարբեր երկրներ: Դա միայն ողջունելի է»: