ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Միայն վեցամսեայ մարզումներ ստանալէ ետք՝ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու համար դիրքեր մեկնող զօրակոչիկները ամէն վայրկեան կը դիմագրաւեն թշնամիի գնդակին զոհ երթալու վտանգը: Իրենց անփորձութեան պատճառով, այս տղաքը, դժբախտաբար, աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին թշնամի դիպուկահարներու հարուածը ստանալու:
Ամէն անգամ, երբ կը տեղեկանանք 18, 19 կամ 20 տարեկան տղաներու նահատակութան մասին, ցաւի ու վիշտի հետ որոշ բարոյալքում մը կ՛ապրինք: Մեր ընթերցողները յաճախ կը յայտնեն իրենց ընդվզումն ու սրտցաւութիւնը, եւ կարծէք բոլորս ալ անզօր կը զգանք մենք զմեզ՝ կացութիւնը բարելաւելու տեսակէտէն:
Երիտասարդ զինուորներու անփորձութիւնը կը փոխարինուի միա՛յն պայմանագրային, լաւ մարզուած, հասուն ու մարտերու բովէն անցած զինուորներու համեմատութեան բարձրացումով: Բանակի հրամանատարութիւնը, գիտակցելով այս իրողութեան՝ որոշած է առաջին գիծի վրայ ծառայողներու շարքերուն մէջ, յառաջիկայ եօթը տարիներուն, աւելցնել թիւը պայմանագրային զինուորներուն՝ աւելի քիչ թիւով երիտասարդներ դնելով կեանքի սպառնացող վտանգի ճանապարհին:
Կ՛ողջունենք Հայաստանի բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրով նախատեսուած «զսպ-ման համակարգ»ը, որ կը նպատակադրէ «որակական նոր մակարդակի հասցնել մարտական հերթապահութիւնը», եւ որուն բաղկացուցիչ մասերէն մէկը՝ «առաջնագծում զինանձնակազմի կողմից դիտարկման կարողութիւնների ընդլայնման ու առաւելագոյնս անվտանգ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման» կողքին՝ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի աստիճանական համալրումն է առաւելապէս պայմանագրային զինծառայողներով: Նորակոչիկներու կեանքին այսպէս գուրգուրալը կ՛աւելցնէ ժողովուրդին ու բանակին բարոյական կորովը, մեզ ալ կը յուշէ, թէ բանակի հզօրացման գործը որքա՛ն մեծ զոհողութիւններ կը պահանջէ, որոնց մեր բաժինը չենք կրնար զլանալ:
Շատ արդարացի է առաջարկդ եւ բաժեկից ենք մտահոգութիւններուդ:
Usd is, voyévé mégoon gyanku vdankélu anhantoorjéli é! Polorn al zkooshanaloo én irénk zirénk tirakh tartsnélé. Asdzo achku irénts bahaban!