ԵՐԵՒԱՆ.- Brussels Airlines ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ արտօնութիւն ստացած է Յունիս 2ին Պրուքսէլ-Երեւան երթուղիով կանոնաւոր թռիչքներ սկսելու:
Յունիս 2էն Յուլիս 2, ինչպէս նաեւ Օգոստոս 29էն Հոկտեմբեր 27 ժամանակահատուածներուն, թռիչքները պիտի կատարուին շաբաթը մէկ անգամ յաճախականութեամբ, իսկ Յուլիս 3էն Օգոստոս 28՝ շաբաթը 2 անգամ: