Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այժմ կ՛աշխատի նոր ֆիլմի պատրաստման վրայ: «Դրախտի Դարպասը» խորագիրով նոր ֆիլմի առանցքը Արցախն է. անիկա արուեստի լեզուով պիտի խօսի մարդկային ճակատագիրներու, բարիի եւ չարի յաւերժական բախումին, ճշմարտութեան վերարժեւորման ու խղճի մասին:
Առաւել քան 2 տասնեակ վաւերագրական եւ կարճ ֆիլմերէ ետք, Ջիւան Աւետիսեանի հեղինակած «Թեւանիկ» եւ «Վերջին Բնակիչը» գեղարուեստական ֆիլմերը հասած են մեծ յաջողութիւններու՝ միջազգային շարժապատկերի փառատօներու եւ ֆիլմի շուկաներու՝ Վենետիկի, Քաննի, Շանկհայի, Թորոնթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:
«Դրախտի Դարպասը» ֆիլմով նոյնպէս յաջողութիւններու հասնելու նպատակով եւ միջազգային որակին համապատասխան գեղարուեստական ուժեղ շրջադարձերով ու խօսուն ենթաբնաբանով ֆիլմ ստանալու համար՝ ան կը դիմէ լայն տարածուած ձեւին՝ crowdfunding-ի, ֆիլմի նկարահանումներու համար պահանջուող գումարը ամբողջացնելու նպատակով», կ՛ըսուի Աւետիսեանի անձնակազմի հաղորդագրութեան մէջ:
Crowdfunding-ի արշաւի մեկնարկը պիտի տրուի 17 Մարտին եւ տեղի պիտի ունենայ indiegogo համաֆինանսաւորման հարթակով: