Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայեցի հարազատ առոգանութեամբ արտայայտութիւն…
Հայերէնի վերականգնումի գործնական քայլ մը…
Պատանիներուն բեմական ինքնավստահութիւն ընծայելու առիթ…
Հայ գրական մշակոյթը կերտողներու հետ հոգեկան հաղորդակցութիւն…
Կարելի է երկարել ցանկը այն բարիքներուն, զորս ընծայեց միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումը, Շաբաթ, 24 Փետրուարի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, մինչեւ կանուխ յետմիջօրէն, բեմ հանելով աւելի քան 60 աշակերտներ, որոնք մեր բանաստեղծներու գոհարները հրամցուցին ունկնդիրներուն, սուր մրցակցութիւն ունեցան եւ իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ նուաճում մը բերին մեր ապրող մշակոյթին։
Մրցուի սկսման պահուն, ընդարձակ սրահը բառացիօրէն կը յորդէր աշակերտներու եւ հանդիսականներու բազմութեամբ։ Երեք խմբակներու բաժնուած՝ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներ յաջորդաբար բեմ բարձրացան, ոմանք արտասանեցին անսայթաք, ուրիշներ՝ շատ աւելի խոր ապրումով, բեմական համարձակ կամ մերթ ամչկոտ արտայայտութիւններով, եղան շուարողներ, ինչ որ սակայն անձկագին վիճակի բնական մէկ դրսեւորումն էր եւ ոչ մէկ ձեւով վնասեց օրուան ԽՈՐՀՈՒՐԴին։
Բոլորին մէջ յստակ էր մէկ բան. Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած արտասանական մրցումը բոլորը մղած էր բեմ բարձրանալու հայրենասիրական ու ազգային ոգիով բանաստեղծութիւններով, ցոյց տալու, որ հայ աշակերտը կարող է թափանցելու մէն մի հանճարեղ գրողի ստեղծագործութեան խորքը եւ ունկնդիրին հասկցնելու, որ ինք լաւապէ՛ս ըմբռնած է տուեալ կտորը, կ՛ապրի՛ անով ու մեր անմահները կ՛ապրեցնէ՛ սերուդնէ սերունդ։ Ու եթէ հանդիսականները պահ մը իրենց ակնարկները սեւեռէին սրահի պատերուն բարձրադիր լուսանկարներուն, պիտի զգային անկասկած, որ գրողներն ու արուեստագէտները հոգեկան ցնծութեամբ, ժպիտով կը հետեւէին մեր պատանիներու արարմունքին, իբրեւ նորագոյն արձագանգ Սարդարապատին ու Արցախին…
Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կազմակերպութեամբ՝ հինգերորդ տարին ըլլալով էր որ տեղի կ՛ունենար ասմունքի մրցումը։ Առաջին տարուան մրցումէն մինչեւ այս հանգրուանը հետեւողներու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ, որ տարուէ տարի, մրցումը կ՛ապրի քանակական եւ մանաւանդ որակական աճ։ Եթէ փնտռենք պատճառները՝ կարելի է այլ ցանկ մը արձանագրել, սակայն բաւականանանք մէկ քանի նշումով։
Մրցումին կազմակերպումը կատարուած էր բծախնդրօրէն։ Բացայայտ էր, որ թէ՛ մասնակցող աշակերտները, թէ՛ իրենց ուսուցիչները եւ թէ ծնողներ նախապատրաստական լուրջ աշխատանք տարած էին եւ այլապէս լուռ մրցակցութիւն մը կը տանէին բեմ հասնելէ առաջ։ Հանդիսավարն ու դատական կազմի անդամները՝ արուեստագէտներ ու մտաւորականներ, իրենց կարգին անփոխարինելի բաժին ունեցան հանդէսին հեզասահ ընթացքին մէջ։ Այս ու նման արժանիքներու գումարը եղաւ մեր մաշկոյթին հաշուոյն արձանագրուած նորագոյն այս յաղթանակը։
…Ո՜վ գիտէ. վաղը այս աշակերտներէն կրնան ծնիլ արուեստագէտներ ու բեմի վարպետներ։ Կը բաւէ, որ ցանուած սերմներուն հանդէպ հոգածութիւնը աննահանջ կերպով աճի։