ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի կից՝ Արեւելեան Ղութայի մէջ, մարտական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած են, թէ սուրիական բանակը Փետրուար 28ին իր վերահսկողութեան տակ առած է Հաուշ Զաուահիրա շրջանը, որ կը գտնուի Ղութայի հիւսիսային ճակատին վրայ: Նշեալ աղբիւրներուն համաձայն՝ կը նախատեսուի, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առնէ նաեւ Տումա քաղաքի արեւելքը գտնուող եւ անոր հսկող Շէյֆունիէ գիւղը:
«Մայատին» կը նշէ, որ Արեւելեան Ղութայի մէջ ռուսական զինադադարի երրորդ օրը եւս (Մարտ 1ին) շրջանէն քաղաքայիններու հեռացումի դէպքեր չեն արձանագրուած, որովհետեւ իսլամ ծայրայեղական զինեալներ ռմբակոծոծ են մարդասիրական անցքը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիա եւ Սուրիա իրենց կարելին կ՛ընեն մարդասիրական զինադադարի երաշխաւորման ու Արեւելեան Ղութայի մէջ կացութեան փոփոխման համար:
Սակայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Սուրիական կառավարութիւնը չյարգեց Արեւելեան Ղութայի մէջ զինադադարի հաստատման ՄԱԿի որոշումը, իսկ ընդդիմադիր խմբաւորումները յարգեցին այդ մէկը»՝ կոչ ընելով Դամասկոսի դաշնակիցներուն, որ «առաւելագոյն ճնշում» բանեցնեն, որպէսզի զինադադարը յարգուի:
Մինչ այդ, «Արեւելք» կը տեղեկացնէ, թէ Հալէպի նահանգապետարանի պաշտօնեաներէն Համիտ Քաննօ բացայայտած է քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած համաձայնութեան մանրամասնութիւնը, որ առիթ պիտի ընձեռնէ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներուն՝ Հալէպի մէջ քիւրտերու իշխանութեան տակ գտնուող շրջանները մուտք գործելու: «Սփութնիք»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Քաննօ յայտնած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը քիւրտերուն հետ համաձայնութեան եկած է վերջիններուս տիրապետութեան տակ գտնուող թաղամասերը մուտք գործելու շուրջ, միաժամանակ շեշտելով, որ քիւրտերը Սուրիոյ անբաժան մասն են եւ՝ ահաբեկիչներու դէմ պայքարին ու յաղթանակին մասնակիցներ:
Ըստ Քաննոյի, Սուրիոյ բանակին վերադարձուած են հետեւեալ շրջանները՝ Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիյէ, Պենի Զէյտ, Հոլլուք, Այն Թալ, Պոսթան Փաշա, Շէյխ Խըտըր եւ Շէյխ Ֆարես: