ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պաշտօնական այցելութեամբ 2 Մարտին Հայաստան պիտի ժամանէ Վրաստանի վարչապետ Գիորգի Կվիրիկաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վրաստանի վարչապետը Երեւանի մէջ պիտի հանդիպի Հայաստանի նախագահի եւ վարչապետի հետ:
Ծրագրուած է նաեւ, որ Վրաստանի վարչապետը այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Գիորգի Կվիրիկաշվիլի պիտի այցելէ նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոն: