«Հայրենասէր» բարեգործական-հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ առաջնային գիծին վրայ տեղակայուած շարք մը դիրքերու մէջ տեղադրուած են արեւային յատուկ սարքեր՝ ճարտարագիտական սարքերը սնուցելու նպատակով:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի, կը յայտնէ «Հայրենասէր» բարեգործական-հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեան՝ նշելով, որ նախաձեռնութիւնը իրագործած են «Հայրենիքիս» դիմատետրի խումբի նուիրատուութեան շնորհիւ:
«Ծրագիրը կ՛իրականացուի մեր անվտանգութեան, պաշտպանութեան համապատասխան կառոյցներուն հետ համատեղ: Անիկա պիտի կրէ շարունակական բնոյթ, որպէսզի դիրքապահ զինուորներուն համար ապահովուի այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւր, որ պիտի սնուցէ այն բոլոր սարքերը, որոնք կ՛օգտագործուին դիրքերու մէջ՝ դիտարկման, կապի եւ մնացեալ ոլորտներու օգտագործման համար», կը նշէ Ս. Սարգսեա՝ աւելցնելով, որ ծրագիրը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անիկա առաւել կերպով կ՛ամրապնդէ դիրքերու պաշտպանութիւնը: