ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարին կը մեկնի Մոսկուա:
Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը Մոսկուայի մէջ պիտի մասնակցի Ռուսական Կարմիր բանակի 100ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն եւ հանդիսաւոր արարողութիւններուն: