ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 13ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, յատուկ արարողութիւններով ու խարոյկի հրավառումով։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, համաձայն տարիներու աւանդութեան՝ նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ խարոյկի հրավառման, ապա մասնակցեցաւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն հետ աւանդական ընթրիքի։ Աղօթակից էին՝ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան եւ թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները։ Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներէն՝ դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանն ու անդամներ, սկաուտ-խմբապետներ ու սկաուտներ եւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրակցութեան անդամներ։
Եկեղեցական արարողութիւնները ընթացան օրուան յատուկ աղօթքներով ու շարականներով. տեղի ունեցաւ նաեւ Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազանը օրհնեց աշխարհի չորս կողմերը եւ ներկայ հաւատացեալները։
Սրբազանը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առաւ քառասնօրեայ Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայման խորհուրդը եւ կանգ առաւ տօնի խորհուրդէն բխող երկու պատգամներուն վրայ։ Առաջին՝ հնազանդութիւն ու հաւատարմութիւն օրէնքներուն ու աւանդութիւններուն. Յիսուսի երկրաւոր ծնողները՝ Յովսէփը եւ Մարիամը, նորածինը տաճար տարին՝ համաձայն իրենց օրերու օրէնքին ու աւանդութեանց. այնուհետեւ, սրբազանը կոչ ուղղեց ծնողներուն հետեւելու անոնց օրինակին, պահպանելու հաւատքն ու բարի աւանդները ու զանոնք փոխանցելու նոր սերունդին, իսկ երիտասարդներուն յանձնարարեց չանտեսել Աստուծոյ պատուիրաններն ու եկեղեցական աւանդութիւնները։ Երկրորդ՝ այս տօնը մեզի ուղղուած հրաւէր է, որպէսզի ընդառաջենք Աստուծոյ՝ աւելի՛ մօտենալով Անոր, եւ վերջապէս մենք մեզ նուիրենք Աստուծոյ ու ազգի ծառայութեան։
Ապա տեղի ունեցան Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող՝ խորանէն բերուած մոմի լուսաւորութիւնն ու մանուկներու Ս. խորան ընծայման արարողութիւնները։ Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները թափօրով դուրս եկան եկեղեցիէն եւ համախմբուեցան շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը։
Երգուեցան ազգային եւ Ս. Վարդանանց նուիրուած երգեր։ Հանդիսաւոր պահը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայաստանի քայլերգի խմբերգումով։
ԸՆԹՐԻՔ՝ ՀՄԸՄ-Ի
ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Արարողութիւններէն ետք, ժողովականներ, ՀՄԸՄի սկաուտներն ու վարչական պատասխանատուները «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ ժամադրուած էին առաջնորդ սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն հետ, տարեկան աւանդական ընթրիքի երեկոյին համար, հիւրընկալութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեան։
Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, Յովիկ Շահինեան ստացաւ փոխխմբապետի աստիճան։ Առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, իսկ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան՝ հանդիսավարութիւնը։
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Արտաշէս Գազարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին այս աւանդութիւնը անշեղօրէն պահպանելուն համար՝ ընդգծելով, որ այս հանդիպումը մաս կը կազմէ հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային աւանդութիւններու հաւատարմութեան պահպանման։ Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ ՀՄԸՄի սերնդակերտ ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն մասին, որոնց մաս կը կազմեն գայլիկներու եւ սկաուտներու յատուկ «Գայլ Վահան», «Ս. Վարդան» եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններու դաստիարակչական ծրագիրները, որոնք կ՛իրագործուին Ազգ. առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։
Հայր Թորգոմ խօսեցաւ Տեառնընդառաջի տօնի իմաստին ու անկէ բխող պատգամներուն մասին՝ նշելով, որ այս տօնը հաւատացեալին ուղղուած հրաւէր է Աստուծոյ նուիրուելու, ձերբազատուելու նախկին մարդէն, մեղքերն ու ցաւերը ձգելու կրակին մէջ ու վերանորոգ մարդ դառնալու։ Ան սկաուտներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ անոնք նախ եւ առաջ հայ քրիստոնեաներ են, պարտականութիւն ունին ամէն օր պահպանելու իրենց հաւատքը, ծառայելու հայրենիքին եւ մնալու աւանդներու պաշտպան անձեր, ապրելու կեանք մը, որ ըլլայ Աստուծոյ փառաբանութիւն ու ներշնչումի աղբիւր ուրիշներու համար։
Եզրափակիչ պատգամը ուղղեց առաջնորդը։ Ան ողջունեց ՀՄԸՄականները, ինչպէս նաեւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրակցութեան անդամները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով մասնակից էին այս երեկոյին։ Սրբազանը յիշեցուց, որ այս աւանդութիւնը կը շարունակուի 22 տարիէ ի վեր, եւ ձայնակցեցաւ Գազարեանի այն նշումին, որ այս արարողութեանց երիտասարդներուն մասնակցութիւնը ունի դաստիարակչական ազդեցութիւն։ Ան մաղթեց, որ սկաուտներուն ստացած դաստիարակութիւնը թափանցէ իրենց հոգիներէն ներս ու արտայայտութիւն գտնէ կեանքի մէջ։
«Ձեր բոլոր գործերուն մէջ վառ պահեցէք հաւատքը, ընտանիքի, ազգի եւ ՀՄԸՄի սէրը», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը, իսկ Հայաստանի Անկախութեան եւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակի տարուան առթիւ, կոչ ուղղեց սկաուտներուն՝ շարունակելու ծառայութեան ուղին հիմնադիրներու աւանդով եւ անկախութեան ու հայրենասիրութեան ոգիով։ Ապա օրհնեց ՀՄԸՄականներն ու Եղբայրակցութեան անդամները, ինչպէս նաեւ գնահատեց հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը՝ հիւրընկալութեան համար։
Երեկոն վերջ գտաւ սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ ՀՄԸՄի քայլերգով։ Սկաուտներուն նուէր տրուեցան «Աստուծոյ Խօսքը» աղօթագիրքէն օրինակներ եւ պատկերազարդ աղօթքներ։