ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս շաբթուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս պիտի առաջադրէ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը Հայաստանի չորրորդ նախագահի պաշտօնին:
ՀՀԿ գործադիր մարմինի Չորեքշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց. «Անհրաժեշտ է պատգամաւորների մէկ քառորդի ստորագրութիւններն առաջադրման համար, եւ այս շաբաթուայ ընթացքում մենք արդէն այդ ստորագրութիւնները կը հաւաքենք եւ արդէն պաշտօնապէս կ՛առաջադրենք ՀՀԿ խմբակցութեան անունից Արմէն Սարգսեանին որպէս ՀՀ չորրորդ նախագահի թեկնածու»: