ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրի՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն Չորեքշաբթի, 21 Փետրուարին Հայաստան պիտի ժամանէ երկօրեայ այցելութեամբ:
Հայաստանի մէջ իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ: Ան նաեւ պիտի այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Մատենադարան եւ ԹՈՒՄՕ կեդրոն: Հանրապետութեան նախագահը պիտի տեսակցի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ Էջմիածինի մէջ, նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ լիբանանեան գաղութի անդամներու հետ:
Այս առիթով նախագահին պիտի ընկերանայ պաշտօնական մեծ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, փտածութեան դէմ պայքարի պետական հարցերու նախարար Նիքոլա Թուէյնի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հայաստանի մօտ պատուիրակութեան պիտի միանայ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղեր եւ Իրաքի մօտ դեսպան Ալի Հապհապ:
Նշենք, որ նախագահ Աունի պաշտօնական պատուիրակութեան պիտի ընկերակցի նաեւ «Ազդակ»ի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան: