ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստան, Մարտ 2ին, պիտի ունենայ Նոր Սահմանադրութեամբ ճշդուած կարգով՝ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած նախագահ: Նոյն սահմանադրութիւնը կը պատկերացնէ չափազանց սահմանափակ լիազօրութիւններով նախագահ մը, որ աւելի արարողակարգային պաշտօն մը պիտի ըլլայ:
Նոյն սահմանադրութեամբ եւ Ազգային ժողովին հաստատած ու տակաւին հաստատելիք օրէնքներով, Հայաստանը պիտի ունենայ լայն իրաւասութիւններով եւ բաւական կեդրոնացած ուժով վարչապետ մը, գրեթէ նոյն (եթէ ոչ աւելի) կեդրոնացած իշխանական համակարգի մը բոլոր յատկանիշներով: Այս իրավիճակին մէջ ինչպէ՞ս պէտք է գնահատել նախագահին դերակատարութիւնը հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ:
Իր բոլոր սահմանափակումներով, նախագահը տակաւին կրնայ ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունենալ երկրի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ: Կրնա՛յ, անշուշտ՝ եթէ կամենայ: Կրնա՛յ, անշուշտ եթէ շահի ժողովուրդին համակրանքը՝ իր բարոյական կեցուածքներով, հանրութիւնը տագնապեցնող հարցերուն վերաբերեալ իր սրտացաւ դիրքորոշումներով:
Կրնա՛յ, եթէ յաղթահարէ իր ներկայութիւնը ծէսերու շրջանակէն ներս սահմանափակելու ճնշումները։
Բարոյական հեղինակութեամբ օժտուած պետական պաշտօն մը, կամ ինչպէս կ՛ըսուի՝ «ինստիտուտ» մը, կրնայ հակակշիռ ուժ դառնալ լայն լիազօրութիւններով գործող կեդրոնացուած իշխանութեան: Նկատի առնելով Հայաստանի անկախութեան ամբողջ շրջանին կեդրոնաձիգ իշխանութեան պատճառած վնասները, այսօր մեր հայրենիքին օդի ու ջուրի պէս պէտք է բարոյական բարձր կշիռք ունեցող հեղինակութեան կամ հեղինակութեանց ներկայութիւնը:
Կը յուսանք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը դառնայ այդ հեղինակութիւններէն մէկը: Ան բաւական տուեալներ ունի ստանձնելու այդ դերը, եւ իր նախագահութեան թեկնածութեան յայտարարութենէն ետք կատարած իր առաջին քայլերը կը հիմնաւորեն մեր ակնկալութիւնները:
Արդարեւ, նախքան նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր վերջնական պատասխան տալը՝ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ իր հանդիպելու փաստը կը մեկնաբանենք իբրեւ լայն հանրութեան մտահոգութիւններուն ու խնդիրներուն ծանօթանալու նախանձախնդրութեան արտայայտութիւն: Ծանօթանալով այդ խնդիրներուն՝ դժուար է, որ երկրի նախագահի պատմուճանը հագած ոեւէ անձ կարենայ կրաւորական անտարբերութեամբ անցընէ իր պաշտօնավարութեան օրերը:
Aysbisi baymannérov yév anzor tévérov ardzivu chi grnar gakhrél yév shoodov bidi oozé akravnéroo khoompin mas gazmél vorbészi arantsin chimuna!