ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեան անցեալ օրերուն շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, որոնցմէ ետք, Երկուշաբթի, 12 Փետրուարին յայտարարեց, որ արդէն պատրաստ է հանդիպելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ փոխանցելու թեկնածութեան մասին իր կայացուցած ոորշումը:
Նշենք, որ Փետրուար 12ին, Արմէն Սարգսեան այցելած էր Երեւանի ֆիզմաթ եւ «Այբ» դպրոցները եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գրասենեակ:
Նոյն օրը, Սարգսեան իրենց գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի կառոյցի վարչութեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Սարգսեան նաեւ հանդիպած էր «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւորներու, արտախորհրդարանական Հայ Ազգային կոնգերսի ներկայացուցիչներու եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի հետ:
«Ես կարծում եմ՝ պատրաստ եմ արդէն (նախագադ Սերժ Սարգսեանի հետ) այդ հանդիպմանը եւ յստակ պատկերացումներ ունեմ ոչ միայն Սահմանադրութեամբ իմ առջեւ դրուած պարտականութիւնների, որոնք յստակ ձեւաւորուած են ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ, այլ նաեւ այն խնդիրների եւ հնարաւոր լուծումների շրջանակը, որի մասին իւրաքանչիւր հայ մարդ, լինի այստեղ, Արցախում, թէ Սփիւռքում, մտածում է, ցաւում է եւ ուզում է որ մեր հայրենիքը 26 տարուայ յաղթանակներից, յաջողութիւններից նաեւ դժուարութիւններից ու որոշ անյաջողութիւններից յետոյ տանենք առաջ, աւելի ժողովրդավար, ամուր, հզօր եւ կարողանանք իր յաղթական աւարտին բերենք Արցախի հիմնահարցը», յայտնեց Արմէն Սարգսեան:
Հայաստանի չորրորդ նախագահը 2 Մարտին պիտի ընտրուի Ազգային ժողովին կողմէ: