ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ, Ուրբաթ, 9 Փետրուարին, բացումը կատարուեցաւ Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակին: Գրասենեակը հիմնուած է ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ:
Աշխատանքային հիմնական իրաւունքներու մասին իրազեկում, աշխատանքային վէճերու պարագային դատական հայցերու պատրաստութիւն, աշխատողներու համար փաստաբանական անվճար ծառայութիւն, աշխատանքային վէճերու գծով (չվճարուած աշխատավարձ, աշխատանքէ անօրինական ազատումներ եւ այլն), զբաղուածութեան պետական ծառայութեան տարածքային կեդրոններ ուղղորդելու միջոցով աշխատանքային եւ մասնագիտական կողմնորոշման ու այլ հարցերու համար քաղաքացիները կրնան դիմել նորաբաց կեդրոն եւ անվճար հիմքներով օգտուիլ անոր ծառայութիւններէն:
Գրասենեակի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ աշխատանքի շուկայի ներկայ լարուած պայմաններուն մէջ, աշխատողներու աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը սուր է: Ըստ անոր՝ յաճախ կը դրսեւորոիին գործատուներու կողմէ աշխատողներու իրաւունքներու ոտնահարման փաստեր:
«Շատ յաճախ մարդիկ, չիմանալով, թէ ում դիմեն իրենց խնդիրներով, տեղեակ չլինելով իրենց իրաւունքների մասին, չեն կարողանում հետամուտ լինել իրենց իրաւունքների պաշտպանութեանը: Այս գրասենեակի նպատակը հէնց դա է՝ գրասենեակն ամէնօրեայ աշխատանքային ռեժիմով անվճար ծառայութիւններ է մատուցելու քաղաքացիներին, որպէսզի առաջին հերթին նրանք իրազեկուած լինեն իրենց իրաւունքների մասին եւ կարողանան հետամուտ լինել իրենց ոտնահարուած իրաւունքների վերականգնմանը», շեշտեց Համբարձումեան:
Նշենք, որ Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ բաւական մեծ է հիմնարկութիւններու աշխատաւորներու թիւը:
«Այսօր աշխատողների իրաւունքների պաշտպանութեան խնդիրն իրօք հրատապ է, յատկապէս՝ արհմիութիւնների չկայացածութեան պայմաններում: Մենք նաեւ այս հարցերով զբաղուող տարբեր ՀԿների հետ համագործակցութեան եզրեր կը գտնենք՝ մեր աշխատանքներն աւելի արդիւնաւէտ տանելու համար, կը համագործակցենք նաեւ պատկան մարմինների հետ», ըսաւ Համբարձումեան:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Թադեւոս Աւետիսեան, ընդգծելով նման նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ նշեց, որ գրասենեակի բացումը պայմանաւորուած է ներկայ զարգացումներով: Ըստ Աւետիսեանի՝ աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ոչ միայն պետական որեւէ մարմինի գործառոյթ է, այլ պէտք է պէտ եղած ջանքերը ներդնեն նաեւ բոլոր շահագրգիռ կողմերը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, առանձին անհատներ, որոնք ունին նման հնարաւորութիւններ:
«Մենք պատրաստ ենք համագործակցել՝ նկատի ունենալով գրասենեակի հիմնական նպատակը, որը հանրութեան շրջանում իրազեկուածութեան բարձրացումն է: Իրաւագիտակցութեան եւ իրազեկուածութեան մակարդակը դեռեւս բաւարար չէ մեր երկրում, ինչն ուղղակիօրէն կապուած է իրաւունքների պաշտպանութեան հետ: Կարեւոր է այն հանգամանքը, որ գրասենեակն իր առջեւ նպատակ է դրել օգնել աշխատողներին՝ գրագէտ բանակցել գործատուների հետ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար: Կարեւոր է նաեւ, որ աշխատողները կարողանան դատական կարգով պաշտպանել սեփական աշխատանքային իրաւունքները», ըսաւ փոխնախարարը:
Նորաբաց գրասենեակի գործունէութիւնը պիտի համակարգէ փաստաբան, Փաստաբաններու պալատի անդամ Էդգար Կոտոյեան, ըստ որուն՝ գրասենեակի հիմնական գործը աշխատանքային եւ ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ:
«ՀՀ օրէնսդրութիւնը՝ որպէս աշխատանքային իրաւունքների պաշտպանութեան հիմնական միջոց, դիտարկում է աշխատողի դատական պաշտպանութեան իրաւունքը: Աշխատողները հիմնականում իրազեկուած չեն իրենց իրաւունքների վերաբերեալ, իսկ այդ պարագայում դատարաններում իրենց իրաւունքների պաշտպանութեան հարցում կարող են խնդիրներ ունենալ: Գրասենեակի առջեւ խնդիր է դրուած նաեւ աջակցել աշխատողներին իրենց իրաւունքները վերականգնելու գործում: Դա կարող է տեղի ունենալ մի քանի փուլով՝ գործատուների հետ բանակցութիւններ վարելով, դատական կարգով իրաւունքները վերականգնելով եւ այլն», ըսաւ փաստաբանը:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի՝ եթէ գրասենեակը յաջողի, պիտի փորձեն նաեւ մասնաճիւղեր ունենալ մարզերուն մէջ: Գրասենեակը երկու կարեւոր հարց պիտի լուծէ՝ աշխատողի իրաւունքներու մասին իրազեկուածութեան բարձրացում եւ այդ իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
«Որպէս «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ կարող եմ ասել, որ նման նախաձեռնութիւններն այս երկու հարցերը լուծելուն են միտուած: Նախ պէտք է մարդկանց իրազեկման խնդիրը լուծենք, որովհետեւ երբեմն նաեւ զարմանալի է՝ ինչքան իրազեկուած չէ հասարակութիւնն իր իրաւունքներից, սակայն նոյնքան կարեւոր է այդ իրաւունքների պաշտպանութեան հարցը», ըսաւ Մանոյեան:
Ան նշեց նաեւ, որ գրասենեակի վայրը աշխարհագրականօրէն չի սահմանափակեր դիմողները, այսինքն՝ որեւէ շրջանէ կրնան դիմել գրասենեակի օգնութեան: