ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարգարեան Շաբաթ, 27 Յունուարի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ թատերագիր եւ մշակութային բազմավաստակ գործիչ Հրանդ Մարգարեանի, որ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին հրաւէրով Լոս Անճելըս կր գտնուէր, Խրիմեան Հայրիկի կեանքն ու անկէ բխող պատգամները բեմական գործով մը ներկայացնելու համար։ Մարգարեանին կ՛ընկերանային Համազգայինի ներկայացուցիչներ Սարօ Նազարեան եւ Թամար Թիւֆէնքեան-Սէրայտարեան։
Առաջնորդն ու Մարգարեանը վաղեմի ծանօթներ ըլլալով՝ առիթը ունեցան զրուցելու մշակութային եւ ժողովրդանուէր ծառայական աշխատանքներու մասին։ Մարգարեան նաեւ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ Խրիմեան Հայրիկի պատմութիւնը մենակատարութեամբ ժողովուրդին մատուցելու իր աշխատանքին մասին, որ կ՛իրագործուի Հայրիկի վախճանման 110րդ ամեակին առիթով։
Թատերական ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Յունուարի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ։ Յանուն սրբազան հօր, ներկայ եղաւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի։
Ներկայացման աւարտին, յանուն առաջնորդին խօսք առնելով՝ հայր Թորգոմ դրուատիքով արտայայտուեցաւ այս յղացքին ու մատուցման մասին, նշելով, որ «մենք կարդացած ու սորված ենք Խրիմեան Հայրիկին մասին, սակայն այսօր առիթը ունեցանք ուղղակի տեսնելու զայն ու հաղորդակից դառնալու իր պատգամներուն»։