ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Աշխատաւորի շահերուն պաշտպանութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, անոր ծրագրային հիմնադրոյթներուն մաս կը կազմէ: Այս մեկնակէտէն՝ չենք կրնար չոգեւորուիլ այս գաղափարը Հայաստանի մէջ կենսագործելու ուղղութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ձեռնարկած կարեւոր քայլով:
Արդարեւ, սիրով կը հրատարակենք ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի յայտարարութիւնը, որ կը ծանուցէ Երեւանի մէջ Աշխատանքային Պաշտպանութեան Գրասենեակի ստեղծումը:
Ստորեւ՝ սոյն յայտարարութիւնը, ուր կը պարզաբանուին սոյն գրասենեակի գործունէութեան ոլորտները:
«ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ, Երեւանում ստեղծուել է աշխատանքային իրաւունքների պաշտպանութեան գրասենեակ: Նորաստեղծ գրասենեակը աշխատողներին, աշխատանքը կորցրած եւ աշխատանք փնտռող անձանց՝ աշխատանքային իրաւունքների պաշտպանութեան նպատակով տրամադրում է անվճար ծառայութիւններ, այդ թւում՝
ա. Աշխատանքային հիմնական իրաւունքների մասին իրազեկում.
բ. Աշխատողների աշխատանքային վէճերի դէպքում դատական հայցերի պատրաստում.
գ. Աշխատողների համար փաստաբանական անվճար ծառայութիւն՝ աշխատանքային վէճերի գծով (չվճարուած աշխատավարձ, աշխատանքից անօրինական ազատումներ եւ այլն).
դ. Զբաղուածութեան պետական ծառայութեան տարածքային կենտրոններ ուղղորդելու միջոցով՝ աշխատանքային եւ մասնագիտական կողմնորոշում, եւ այլն:
Ծառայութիւններից օգտուելու համար, ցանկացողները կարող են՝
– այցելել ք. Երեւան, Շէնգաւիթ վարչական շրջան, Մանանդեան 20,
– զանգահարել 010-42-67-41, 096-99-66-04
– գրել info.aipg@gmail.com էլ-հասցէին, կամ՝ web.facebook.com/pg/iravunqneri.pashtpanutyun/about/?ref=page_internal ֆէյսբուքեան էջին»:
Առաջին հերթին, իւրաքանչիւր դաշնակցական, ո՛ւր ալ բնակի, ինքզինք պարտաւոր պէտք է զգայ այս ծրագիրին աջակցիլ՝ նպաստելով անոր գործունէութեան դաշտի ընդլայնման ու ընդարձակման, շատ մօտիկ ապագային նմանօրինակ գրասենեակներ այլ քաղաքներու մէջ եւս ստեղծելու առաջադրանքով:
Աշխատաւորը ինքզինք անպաշտպան պէտք չէ զգայ մեր հայրենիքին մէջ: Կառավարութեան մաս կազմող մեր կուսակցութիւնը, այսօր իր լծակները կրնայ արդիւնաւէտ կերպով գործածել յանուն աշխատաւորի շահերու պաշտպանութեան: Ժողովուրդը պէտք է տեսնէ այս փաստը եւ վստահի, թէ Դաշնակցութիւնը կառավարութեան մէջ մտած է՝ ճիշդ այսպիսի՛ ոլորտներու մէջ ազդեցիկ դառնալու, ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին՝ աշխատաւոր խաւին շահերը պաշտպանելու նպատակով: