ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս բաւական խիստ ելոյթներով եւ յաճախ ալ գորշ գայլերու յատուկ ազգայնական պատգամներով կը սպառնար Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ որոշ ինքնավարութիւն ապահոված քիւրտերուն: Ինք համոզուած էր եւ ժողովուրդն ալ կը փորձէր համոզել, թէ այդտեղ ինքնավարութիւն ապահովողները ահաբեկիչներն են:
Անցեալին բաւական ցաւալի փորձառութիւններ ապրած էր իր այս հաստատումին պատճառաւ: Օրինակի համար, ԱՄՆի իշխանութեան հարցուցած էր. «Ո՜վ Ամերիկա, ե՞ս եմ քու դաշնակիցը, թէ այդ ահաբեկիչները»: Ամերիկա այս հարցումին պատասխանած էր՝ «ՏԱԻՇի դէմ մարտնչող քիւրտ խմբակներուն մեր զինուորական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի» ըսելով: Փորձառութեամբ գիտեմ, թէ վտանգաւոր հարցադրում մըն է այս ոճը: Անցեալին որսորդի մը ոդիսականը կը պատմուէր: Կինը ձանձրացած էր ամուսնոյն ամէն օր ցեխերու մէջ թաթխուած տարազները մաքրելէն, եւ օր մըն ալ խիստ սպառնական ոճով դիմեց ամուսնոյն, որ կը պատրաստուէր վարազ որսալու. «Կա՛մ խոզը, կա՛մ ես», ըսաւ: Որսորդը առանց վարանումի պատասխանեց… «խո՛զը»:
Առաջին հերթին այնպէս կը թուէր, որ Էրտողան այդ մարտահրաւէրին մէջ առանձին է եւ պոռալ ու կանչելէ աւելին չի կրնար ընել: Արդարեւ, Սուրիոյ քիւրտերու նախկին ղեկավար Սալիհ Մուսլիմն ալ հաւանական չէր տեսներ զինեալ միջամտութիւն մը՝ «գերտէրութիւնները չեն արտօներ» կարծելով:
20 Յունուարին, թրքական զինեալ ուժերը նախ աւելի քան 70 կործանիչ ինքնաթիռներով ռմբակոծեցին որոշ թիրախներ, ապա ցամաքային ուժերով, հրասայլերով ներխուժեցին սահմանի հանդիպակած կողմը:
Այդ օր, երկրի բազմահազար մզկիթներու մէջ, Կրօնից տեսչութեան հրահանգով կատարուեցաւ արշաւի յատուկ աղօթք («Ֆեթիհ տուասը»):
Թուրքիոյ մէջ ապատեղեկատուութիւնը աւանդութիւն մըն է: Ամենավայրագ գործողութիւններն իսկ կը մկրտուին շա՛տ իմաստալից անուններով: Զոր օրինակ, բանակը 1974ին, երբ կ՛արշաւէր Կիպրոսի անկախ պետութեան հիւսիսային հատուածը, կատարուածը կոչած էր՝ «Խաղաղութեան գործողութիւն»: Նմանապէս, 19 Դեկտեմբեր 2000 թուականին, Թուրքիոյ 20 բանտերու մէջ հացադուլի դիմած բանտարկեալներուն դէմ գործուեցաւ զինեալ յարձակում, որուն իբրեւ հետեւանք մահացաւ 30 անձ: Այս գործողութիւնն ալ կոչած էին՝ «Վերադարձ դէպի կեանք»: Այս վերջինն ալ, նոյն աւանդութեան համաձայն, կոչուեցաւ «Ձիթենիի ճիւղ»: Սակայն համաշխարհային մարդկութեան համար, ձիթենիի ճիւղը խաղաղութեան խորհրդանիշն է:
Կիպրական թերթ մը եղածը բնութագրեց «Կիպրոսէն ետք՝ Թուրքիոյ երկրորդ արշաւը» խորագիրով: Նախագահ Էրտողան շատ զայրացաւ այդ արտայայտութենէն եւ հալածեց թերթի խմբագիրը: Նոյն օր, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ դատախազներ իսկո՛յն շարժման անցան եւ այս կատարուածին դէմ արտայայտուող բազմաթիւ լրագրողներու, քաղաքական գործիչներու, ակադեմականներու կամ արուեստագէտներու ձերբակալութեան դիմեցին: Ներկայ դրութեան մէջ խաղաղութիւն փառաբանելը համազօր է ահաբեկչութիւն քարոզելուն: Իշխանամէտ մամուլը իր էջերը լայն բացած է պատերազմ փառաբանողներու դիմաց: Ազգայնական կուսակցութեան պետ Պահչելի կատաղի կերպով կը հրահանգէ. «Կործանեցէ՛ք քաղաքները, կոտորեցէ՛ք ձեր դիմաց ելլողը»:
Ի վերջոյ, Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը եւ Հրէից ռաբունապետը կը միանան այս արիւնարբու հարբածութեան հոսանքին՝ յաջողութիւն մաղթելով խաղաղ բնակիչներ կոտորող «ասկեար»ին:
Դժուար չէ կռահել, թէ որոշ շրջանակներ ճնշում բանեցուցած ըլլան պատրիարքարանին դէմ՝ նման յայտարարութիւն մը ապահովելու համար: Սակայն կը տեսնենք, թէ Յունաց տիեզերական պատրիարքը ընթացք չէ տուած այդ ճնշումներուն. մնացա՛ծ է իր վեհութեան մէջ:
Միայն սեփական երկիրը պաշտպանող զինուորն է օրհնութեան արժանին, այլ ո՛չ ուրիշին երկիրը կործանելու գացողը:
Այս տողերը կը գրուին պատերազմի հինգերորդ օրը: Չորրորդ օրուան երեկոյեան լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդէին, թէ թրքական բանակը սկսած է ռմբակոծելու նաեւ Քոպանիի մերձակայ գիւղերը: Այն Քոպանին, որուն համար Էրտողան ըսած էր. «հա՛ ինկաւ, հա՛ կ՛իյնայ»: Քոպանին չէր ինկած թշնամու ահռելի յարձակումին դիմաց եւ ի սպառ հանած էր Թուրքիոյ նախագահին երազը: Իսկ Աֆրինը, միջազգային վերլուծաբաններու համաձայն, Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն տիրած միակ վայրն էր:
Թող Քոպանիի, Գամիշլիի, Հալէպի հայերը իմանան, թէ Պատրիարքարանը իր այս յայտարարութեամբ կորսնցուցած է հայ ժողովուրդին անունով խօսելու յատկութիւնը: Ապա թէ ոչ՝ մենք այս ամօթով չե՛նք կրնար ապրիլ:
pakrates@yahoo.com