Հրապարակի վրայ է դասական եւ ազգային երգերու հանրածանօթ մեկնաբան Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» խորագիրով տեսահոլովակը (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E,):
Տեսահոլովակին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հաճեանին:
Բառերու հեղինակն ու պատրաստողը Սամուէլ Թադէոսեանն է, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի հայրենի երգահան եւ երգիչ Սամուէլ Գալստեանին:
Բնագիրը նաեւ թարգմանուած է անգլերէնի Ռուբէն Ճամպազեանի եւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի կողմէ:
«Առայժմ թարգմանութիւնը զետեղած եմ տեսահոլովակին տակը, կը յուսամ նիւթական միջոցներ կը գտնեմ, եւ կարելի կ՛ըլլայ անգլերէնը զետեղել տեսահոլովակին մէջ, տողատակի ձեւով», կը յայտնէ երգիչը:
Տեսահոլովակը ամբողջութեամբ խաղարկային է եւ համալրուած է կենդանի նկարահանումներով: Այս գծով, անմիջական աջակցութիւն եւ արտօնութիւն տրամադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ:
Նկարահանումները տեղի ունեցած են սահմանագիծին վրայ, Մռավի բարձունքներէն մինչեւ Ֆիզուլի զօրամասերը:
Տեսահոլովակին մէջ կ՛արտայայտուին հիմնական չորս միտքեր.
- Արուեստագէտին ներդրումը Ազգային Բանակ գաղափարին, տալով կենդանի արտայայտութեան ձեւերէն մէկը.
- Երգիչը, բացի իր համերգասրահներուն մէջ ունեցած ելոյթներէն, նաեւ պատրաստ է եւ կը մեկնի հայ զինուորին մօ՝ երգելու ուղակի սահմանագիծին վրայ, նաեւ խրամատներուն մէջ, քաջալերելու եւ սատար կանգնելու հայրենապաշտպանութեան վեհ գործին.
- Յիշողութիւնները 90ական թուականներու՝ մեր ազատամարտիկներու յաղթանակին եւ կապը այսօրուան շարունակուող թշնամիին ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարող հայու կամքի արտայայտութիւն:
- Մշակոյթի գործիչն ու հայ զինուորը նոյն առաքելութիւնը ունին՝ պաշտպանել հայրենիքի սահմանները, ազգային արժէքները, զէնքով ու երգով, եւ հարկ եղած պարագային նաեւ արուեստագէտին մասնակցութիւնը յարատեւ կռիւի այս դժոխքին զէնք վերցնելու հայ զինուորին կողքին: