Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախորդ շաբաթ Յունաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հարցազրոյց մը տուաւ յունական «Էթնոս» թերթին:
Իր այցելութեան նպատակին մասին խօսելով՝ նախարար Նալբանդեան դիտել տուաւ, որ հայերն ու յոյները եղբայր ժողովուրդներ են, անոնք կապուած են դարաւոր ջերմ յարաբերութիւններով, փոխադարձ մեծ յարգանքով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ համերաշխութեամբ: Անոր համաձայն՝ ինք եւ իր յոյն պաշտօնակիցը կանոնաւոր դրութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենան եւ այցելութիւններ կու տան, իսկ այս այցելութիւնը առիթ է քննարկելու միացեալ ընդարձակ օրակարգը, որ կը միտի երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան յետագայ խթանման, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու շրջանային հարցերուն եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերող մօտեցումները: Նախարարը նկատել տուաւ, որ այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի նախագահին՝ նախորդ տարի Յունաստան կատարած այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան յառաջընթացքը:
Յոյն թղթակիցը դիտել տուաւ, որ նախարար Նալբանդեանի այցելութիւնը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այցելութենէն քանի մը օր ետք, որ Յունաստանէն շեշտեց Լօզանի համաձայնագիրին «վերանայելու անհրաժեշտութիւնը»: Ան հարցուց, որ Հայաստանի մօտեցումը ի՞նչ է համաձայնագիրին վերաբերող նման կեցուածքներու նկատմամբ: Նախարար Նալբանդեան ըսաւ, որ թէեւ չ՛ուզեր որեւէ համաձայնագիրի վերաբերող մեկնաբանութիւն կատարել, բայց եւ այնպէս կնքուած համաձայնագիրներէն հրաժարելու սովորութիւնը, ըստ երեւոյթին, Անգարայի բնաւորութեան գիծ սկսած է դառնալու՝ շեշտելով, որ ասոր վերաբերող բազմաթիւ օրինակներ կարելի է բերել: «Ի շարս այլոց, մենք կրնանք յիշել Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները, որոնք ուղղուած էին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», յայտնեց ան:
Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ՝ նկատի առնելով, որ Երուսաղէմի մէջ հայկական ներկայութիւն գոյութիւն ունի, ի՞նչ է Նալբանդեանի կարծիքը նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու որոշումին մասին՝ նախարարը ըսաւ է. «Երուսաղէմի մէջ կայ բազմադարեան հայկական ներկայութիւն, հայկական պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցին կը հանդիսանայ Սուրբ վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մէկը: Բնականաբար, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմին առնչուող բոլոր զարգացումներուն: Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն է եւ կրնայ լուծում ստանալ բանակցութիւններու միջոցով՝ իսրայէլապաղեստինեան տագնապի կողմերուն համար ընդունելի լուծման պարունակին մէջ: Ասիկայ կրնայ ուղի բանալ մնայուն անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման դիմաց»:
Լրագրողին վերջին հարցումը կը վերաբերէր արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման կարելիութիւններուն եւ այդ լուծումը խոչընդոտող պատճառներուն: Նալբանտեան բացատրեց, որ շաբաթ մը առաջ կայացած ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի նիստին ինք անդրադարձած էր ինը պատճառներու, որոնք կը խոչընդոտեն խաղաղ բանակցային գործընթացը, հակառակ անոր որ նախագահական եւ նախարարական մակարդակներով բազմաթիւ հանդիպումներ, բանակցութիւններ կայացած են, համանախագահ երկիրները մնայուն միջնորդութիւն կը կատարեն, ԵԱՀԿի եւ այլ կառոյցներու կողմէ համանախագահներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն նկատմամբ կը ցուցաբերուի աներկբայ աջակցութիւն: «Այլ խօսքով՝ տագնապի լուծման գծով յառաջընթացի բացակայութիւնը պայմանաւորուած է բանակցային գործընթացին մէջ Ատրպէյճանի ցուցաբերած անզիջող եւ առաւելապաշտական դիրքորոշումով, Պաքուի մերժումով՝ կատարելու այն, ինչը ընդգծուած է եւ որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն վերջին երեք վեհաժողովներուն, յատկապէս՝ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման, զինադադարի վերաբերեալ 1994-1995ի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու անվերապահ գործադրութեան, զինադադարի դրութեան խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման, հակամարտութեան գօտիին մէջ մնայուն դիտարկման կարողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու նպատակով ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի ընդլայնման վերաբերէալ: Ատրպէյճան ետքայլ կատարեց եւ մերժեց վերահաստատել իր յանձնառութիւնը այն սկզբունքներուն եւ տարրերուն, որոնք առաջարկուած էին Մինսկի խմբակի համանախագահներուն կողմէ՝ իբրեւ տագնապի լուծման հիմք: Պաքուն հրաժարած է բազմաթիւ այլ համաձայնութիւններէ, եւ այդ օրինակները իրաւամբ հարցականի տակ կը դնեն Ատրպէյճանի‘ իբրեւ բանակցային կողմի վստահելիութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, Պաքուն կը շարունակէ շփման գիծին մէջ զինադադարի խախտումները եւ սադրանքները: 2016ի Ապրիլին Ատրպէյճան յարձակում սանձազերծեց Արցախի դէմ, արձանագրուեցան անոր կողմէ՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներ, քաղաքացիներու, որոնց կարգին երեխաներու, կիներու եւ տարեցներու նկատմամբ դաժանութիւններ, մարմիններու պղծումներ, ՏԱԷՇի ոճով գլխատումներ: Այն, ինչը առաջարկուած է համանախագահներուն կողմէ, եւ որուն կը սատարէ Հայաստան, կը մերժուի Ատրպէյճանի կողմէ: Այ՛ս է խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացքը խոչընդոտող հիմնական պատճառը: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս վերահաստատել Հայաստանի հաստատակամ յանձնառութիւնը՝ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման՝ հիմնուած համանախագահներուն առաջարկներուն վրայ: Բանակցային գործընթացը այլընտրանք չունի: Եթէ Պաքուն հետեւի համանախագահներուն՝ զինադադարի դրութիւնը լիովին յարգելու կոչերուն, կատարէ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած տագնապի լուծման սկզբունքներուն եւ կառուցողաբար ներգրաւուի բանակցային գործընթացին մէջ, այն ատեն ճամբայ կը բացուի խաղաղութեան գործընթացին ուղիով ընթանալու», բացատրեց նախարար Նալբանդեան: