ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ ստացած Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը՝ Կէորկի Զույեւը այդ երկրին մօտ Ռուսիոյ նոր դեսպան նշանակելու առնչութեամբ: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ այս լուրը հաղորդած են՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ։
Դիւանագիտական յարաբերութիւններու կանոններուն համաձայն, նախքան դեսպանին նշանակումը՝ ընդունող կողմը կու տայ իր համաձայնութիւնը հաւատարմագիրներու յանձնումին համար։ Ատրպէյճան սակայն մերժած է Զույեւը դեսպան նշանակելու նախնական համաձայնութիւնը՝ անոր արտայայտած հայամէտ դիրքորոշումին պատճառով:
Զույեւի թեկնածութիւնը արդէն իսկ վաւերացուած էր Ռուսիոյ խորհրդարանի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) հարցերով յանձնախումբին կողմէ: Իսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս շաբաթասկիզբ արդէն տուն կանչած է Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխինը: