ՓԱՐԻԶ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 Նոյեմբեր 20ին հասաւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքը եւ մասնակցեցաւ Ալֆորվիլի եւ Բերձորի միջեւ տեսակապի միջոցով բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրումը որակած է իբրեւ Արցախի համար նշանակալի իրադարձութիւն՝ քաղաքական, իրաւական ու բարոյական տեսանկիւններէն, որ, առաջին հերթին, բարեկամ երկրի՝ Ֆրանսայի հետ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման կարեւոր հիմքերէն է:
«Ֆրանսայի եւ անոր վարչական շրջաններուն հետ փոխգործակցութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է, եւ քոյր քաղաքներու ցանկին ու աշխարհագրութեան ընդլայնումը, անոնց հետ կապերու խորացումը այս քաղաքականութեան առանցքային բաղադրամասերէն է», իր ելոյթին մէջ ընդգծեց նախագահը:
Ըստ նախագահին՝ Ալֆորվիլ քաղաքին հետ փոխգործակցութեան ընթացքին արդէն իսկ արձանագրուած են յիշատակման արժանի դրուագներ, եւ այս պարունակին մէջ, Բակօ Սահակեան նշեց Սեպտեմբեր 2016ին քաղաքապետ Լիւք Քարուանասի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Արցախ եւ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն Ալֆորվիլի մէջ տեղի ունեցած բազմամարդ ցոյցը՝ ի սատարումն Արցախի ու ընդդէմ ատրպէյճանական բռնութիւններուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ այս բոլորը ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ բռնութեան անընդունելի ըլլալը քաղաքակիրթ հանրութեան համար:
«Մենք երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք Արցախի հետ են, որոնք կը պայքարին յանուն ազատութեան եւ հաւասարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան: Անիկա խիզախ եւ ընդօրինակման արժանի պահուածք է», շեշտեց նախագահ Սահակեան:
Ան ընդգծեց, որ Ալֆորվիլի եւ Բերձորի համագործակցութիւնը ունի խոստմնալից հեռանկարներ աշխատանքներու ճիշդ կազմակերպման պարագային՝ վստահութիւն յայտնելով, որ «համատեղ ուժերով պիտի յաջողինք կեանքի կոչել բազմաթիւ ծրագիրներ»:
Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչ, իր հերթին, կարեւոր համարեց բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրումը:
«Ողջունելով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու Արցախի բնակչութեան հետեւողական քայլերը, գիտակցելով ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագիրին մէջ ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը՝ կը կնքենք բարեկամութեան հռչակագիրը», յայտարարեց Ժերշինովիչ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Բերձորի քաղաքապետ Արտիոմ Սարիբէկեան՝ յոյս յայտնելով, որ տեսակապի միջոցով ձեւաւորուող յարաբերութիւնները ընդամէնը նորագոյն արհեստագիտութիւններու հնարաւորութեան մասին կը խօսին: Ըստ անոր՝ ապագային ձեւաւորուելիք աշխատանքային օրակարգին վրայ մեծ տեղ պիտի տրուի կենդանի շփումներուն եւ իբրեւ առաջին քայլ ֆրանսացի իր գործընկերը հրաւիրած է այցելելու Բերձոր:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան: Նշենք, որ Բերձորը բարեկամութեան համաձայնագիր կնքած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Հայլենտ քաղաքին հետ: