Վիեննայի մէջ, 8էն 11 Նոյեմբերին, երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ «Դասական պատանի աստղեր» խորագիրով համերգաշարը: Պատանի երաժիշտները, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանը, Ռուսիան եւ Աւստրիան, բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած են համաշխարհային լաւագոյն համերգասրահներու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Նիւ Եորքի «Քարնըկի Հալ»ի։
«Հայերն Այսօր»ին Աւստրիոյ հայ համայնքէն յայտնած են, որ մասնակիցներուն մեծ մասը կը կազմեն «Նոր Անուններ» հիմնարկի կրթաթոշակային ծրագիրի մասնակիցները (Ռուսիոյ մէջ հիմնարկը կը գործէ Ռուսիոյ վաստակաւոր արուեստագէտ Տմիթրի Մացուեւի հովանիին տակ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ Առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանի):
Համերգաշարի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 8 Նոյեմբեր 8ին՝ Վիեննայի Ռուսական մշակոյթի եւ գիտութեան կեդրոնին մէջ: