ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նոյեմբեր 14ին աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ստեֆան Վիսքոնթիի եւ Էնտրու Շոֆըրի հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու մասին:
Զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կայացած գագաթնաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները իրականացնելու ուղղուած քայլերը: Ապա նաեւ քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու կարելիութիւնը: