ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Նոյեմբեր 6ի երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները սկսած են սահմանափակ թիւով ընդունելու այցագիրներ ստանալու մասին Թուրքիոյ քաղաքացիներու դիմումներ, որովհետեւ բաւարար երաշխիքներ ստացած են Անգարայէն, թէ ամերիկեան դեսպանատան եւ հիւպատոսարանի պաշտօնեաները անտեղի կերպով դատական հետապնդումներու պիտի չենթարկուին։
Ուաշինկթըն միաժամանակ շեշտած է, թէ խորապէս մտահոգ կը մնայ իր անձնակազմէն երկու տեղացի պաշտօնատարներու ձերբակալութեան գծով։