ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանիզբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ հայկական պատուիրակութեան հետ քննարկուած են շարք մը հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնները եղած են զբօսաշրջութեան մարզին պարագային համագործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի փորձառութիւններէն երկուստեք օգտուելու կարելիութիւնները՝ նկատի ունենալով, որ Լիբանան զբօսաշրջութեան բացառիկ յարմարութիւններով օժտուած երկիր մըն է, որ ունի զբօսաշրջական զարգացած ծառայութիւններ:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց նաեւ, որ նախարար Կարայեանի հետ քննարկած են Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու առիթներն ու համապատասխան բնագաւառները, որոնք առիթ կ՛ընծայեն լիբանանցի գործարարներուն ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ, եւ հակառակը:
«Քննարկեցինք նաեւ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի յայտարարուին 2018ի սկիզբը՝ տարեվերջին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան լոյսին տակ», ըսաւ նախարար Կիտանեան՝ աւելցնելով, որ քննարկուած նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ զբօսաշրջական-տնտեսական բնոյթի լիբանանեան-հայկական խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ «զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Լիբանանի հետ գործակցելու առումով հայկական պատուիրակութիւնը վկայեց նախարարութեան կատարեալ պատրաստակամութիւնը, յատկապէս մեր նախաձեռնութեամբ կայացած ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներուն հետ անոր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին»:
«Այդ հանդիպումներուն ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ կանոնաւոր թռիչքներու հաստատումին: Այդ առաջարկները կարիք ունին համաձայնութիւններու, որոնք հաւանաբար կարելի ըլլայ ձեռք ձգել պատուիրակութեան Հայաստան վերադարձէն եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութիւններու հաւանութիւնը ստանալէ ետք», ըսաւ նախարար Կիտանեան:
Ան աւելցուց նաեւ, որ քննարկուած են հայ զբօսաշրջիկներու Լիբանան այցելութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս նկատի ունենալով ծովային զբօսաշրջութիւնը:
«Լիբանան այն երկիրներէն է, ուր հայ զբօսաշրջիկը պէտք է այցելէ, եւ ըստ հայկական պատուիրակութեան՝ դատելով Լիբանան կատարած իր այցելութենէն, Լիբանան լաւագոյնը պիտի ըլլայ հայ զբօսաշրջիկին համար», յայտնեց Կիտանեան՝ եզրափակելով, որ նախարարութիւնը յատուկ ծրագիր մը պիտի մշակէ, որ-պէսզի 2018ի ամրան հայ զբօսաշրջիկներ այցելեն Լիբանան: