ԵՐԵՒԱՆ.- Կենդանիներու պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը անդրադաձած է Հայաստանի մէջ գորշ արջերուն անազատ կամ կիսազատ պահելու դէպքերու:
EcoNews.am բնապահպանական տեղեկատուական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ «Կենդանական աշխարհի մասին» Հայաստանի օրէնքը թերի է եւ ամբողջութեամբ չի կանոնակարգեր կենդանիներու համար համապատասխան բարւոք պայմաններու մէջ պահպանումը:
InternationalAnimal Rescue կազմակերպութիւնը կը գրէ. «Մենք ահազանգ ստացած ենք Հայաստանի մէջ տիրող ցնցիչ իրավիճակին մասին: Մենք կը փորձենք որքան կարելի է արագ բացայայտել եւ վերջ տալ այս բարբարոսութեան: Այս արջերը շտապ փրկութեան կարիքը ունին եւ մենք քայլեր կ՛առնենք զանոնք փրկելու ուղղութեամբ: Նեղ, աղտոտ վանդակներու մէջ, մոռցուած եւ անօթի վիճակի մէջ պահուող արջերը ունին փրկութեան կարիք, քանի դեռ ուշ չէ: Անոնցմէ շատերը կը փորձեն թեթեւցնել իրենց տանջանքներն ու ձանձրոյթը՝ իրենց գլուխները հարուածելով պատերուն կամ բարձրանալով վանդակներուն վրայ՝ յուսահատօրէն ելքի ուղի փնտռելով»:
International Animal Rescue-ը կը գրէ նաեւ, որ կը ծրագրուի կառուցել ապաստանարան եւ փրկել որքան կարելի է շատ արջեր: Մեծն Բրիտանական այս կազմակերպութեան առաքելութիւնը տանջուող կենդանիները փրկելն է ամբողջ աշխարհի տարածքին: