
Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ, 20 Հոկտեմբեր 20ին, կը մեկնարկեն հայ մշակոյթի օրերը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին տեղեկացուցած է Գերմանիոյ առաջնորդարանի թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան:
«Մշակութային օրերը կը ներկայացնեն հայ մշակոյթի բոլոր առաւելութիւնները, անցեալն ու պատմութիւնը: Այս բոլորը պէտք է ներկայացնենք գերմանացիներուն, այսինքն, գաղափարը՝ հայ մշակոյթն ու հայոց պատմութիւնը ծանօթացնելն է անոնց, որոնք ծանօթ չեն: Անիկա առաջին հերթին ուղղուած է գերմանացիներուն եւ հայ երիտասարդ սերունդին», ըսած է ան:
Ատենապետը ներկայացուցած է, որ նման ձեռնարկները կազմակերպելու միտքը յառաջացած է դեռ 2001էն եւ յատկապէս կ՛իրականացուին 5 կամ 6 ծրագիրներ:
«Այս տարի, օրինակ, նախատեսուած է 5 ծրագիր: Առաջինը բեմադրութիւն է հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին, երկրորդը Ռաֆայէլ Թովմասեանի գիրքի շնորհահանդէսն է: Գիրքը Սփիւռքի մէջ, մասնաւորապէս Գերմանիա ծնած հայ երիտասարդներու հոգեբանութեան, հայու ինքնութեան մասին է, թէ ինչպէս այդ երիտասարդները կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն: Յաջորդ ծրագիրը կը նախատեսէ «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Ձեռնարկներու ծիրին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ «Neuberin» հայկական նուագախումբը, որ պիտի կատարէ Արամ Խաչատրեանի, Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններէն: Յաջորդ ծրագիրը դարձեալ երաժշտական է, բայց արդի հայկական եւ եւրոպական: Ելոյթներով հանդէս պիտի գան Արէն Էմիրզեան եւ ընկերները», յայտնած է Սերովբէ Օտապաշեան եւ աւելցուցած, որ մշակութային յանձնախումբը կը պատկանի Քէոլնի առաջնորդարանին, որուն նախաձեռնութեամբ եւ օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքներու օժանդակութեամբ ալ կ՛իրականացուին նախատեսուած ծրագիրները:
Ձեռնարկներուն ներգրաւուած են ե՛ւ հայեր, ե՛ւ գերմանացիներ: Ելոյթ պիտի ունենան, օրինակ՝ Անահիտ Թօփչեան, Էդուարդ Թօփչեան եւ նուագախումբը, Արա Պետրոսեան եւ այլն:
«Բոլոր ծրագիրները, կարելի է ըսել, շատ յաջող են, սակայն գերմանացիները աւելի շատ հետաքրքրուած են, քան՝ հայերը: Ինչպէս նախապէս, այսօր եւս կեդրոնացած ենք գերմանացիներուն, նոյն ժամանակ հայ նոր սերունդի հետաքրքրութիւնը արթնցնելու ուղղութեան վրայ». եզրափակած է Սերովբէ Օտապաշեան: