ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- «Եւրոմիութիւնը պէտք է միաձայնութեամբ որոշէ կրճատել Թուրքիոյ յատկացուող աջակցութիւնը. ասիկա իմ գլխաւոր պահանջս է», Հոկտեմբեր 19ին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Եւրոմիութեան վեհաժողովին ընթացքին: Ըստ Գերմանիոյ վարչապետին՝ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները խիստ բացասական են։ Ան շեշտած է, որ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը լուրջ նահանջ կ՛արձանագրէ ու օրէնքի գերակայութեան սկզբունքը կ՛ոտնակոխուի։
Եւրոմիութիւնը իր 2018ի ամավարկին մէջ մօտաւորապէս կէս միլիառ տոլար նկատի ունի՝ Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու ջանքերուն համար. այս գումարն է, որ կրնայ չփոխանցուիլ Անգարայի իշխանութեանց։
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իր ընդվզումը արտայայտեց՝ նշելով, որ «ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան 4500 անդամներուն մասին թղթածրարներ յանձնեցինք եւ ցարդ պատասխան չստացանք, մինչ անոնք ազատօրէն կը շրջագային Գերմանիոյ փողոցները»: